Svoboda | Graniru | BBC Russia | Golosameriki | Facebook
Jump to content

Իսայահ Ուաշինկթըն

Իսայահ Ուաշինկթըն
Student National Medical Association կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած դասախօսութենէ մը ետք, 2008
Ծնած է 3 Օգոստոս, 1963
Ծննդավայր Հիուսթըն, Թէքսըս, ԱՄՆ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
 Սիերա Լէոնէ-1">[1]
Ուսումնավայր Willowridge High School?
Հովարդի համալսարան?
Մասնագիտութիւն Դերասան
Կուսակցութիւն Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն-2">[2] եւ Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն-3">[3]
Ամուսին Ճէնիսա Մարի Կարլընտ
Երեխաներ 3

Իսայահ Ուաշինկթըն (անգլերէն՝ Isaiah Washington IV, ծնած 3 Օգոստոս, 1963, Հիուսթըն, Թէքսըս, ԱՄՆ) Ամերիկացի դերասան մըն է: Ան ամէնէն շատ ճանչցուած է իբրեւ Դկ. Փրէսթըն Պըրք ABC կայանի բժշկական տրամա Grey's Anatomy հեռուստաշարին մէջ 2005էն 2007: Ուաշինկթըն այժմ ստանցնած է Թէլոնիըս Ժահա դերը The CW ընկերութեան The 100 հեռուստաշարին մէջ:

Անձնական Կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսայահ Ուաշինկթըն ծնած է Հիուսթըն, Թէքսըս, ԱՄՆ, ուր իր ծնողքը Houston Heights հասարակութեան մաս կը կազմէին: Բոլորը կը փոխադրուին Միսուրի Սիթի, Թէքսաս, ԱՄՆ, 1980-ին, ուր Ուաշինկթըն կը մտնէ Willowridge High School դպրոցի առաջին աւարտող աշակերտներուն շարքերէն ներս, 1981-ին: Ուաշինկթընի հայրը մահացած է երբ ան միայն 13 տարեկան էր։ Ան ժամանակաշրջանի մը մէջ կ'աշխատի United States Air Force կառավարական ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը յաճախէ Howard University համալսարանը: Ուաշինկթըն կ'ամուսնանայ Ճէնիսա Մարի Կարլընտի հետ 14 Փետրուար, 1996-ին: Անոնք այժմ ունին երեք զաւակ:

Ասպարեզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Grey's Anatomy[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2005-ին, Ուաշինկթըն ստանցնեն դերը գործողութիւն կատարող Դկ. Փրէսթըն Պըրքի ABC կայանի բժշկական տրամա Grey's Anatomy հեռուստաշարին մէջ։ Այդ դերը իրեն արժանացուց երկու NAACP Image Awards մրցանակներու Outstanding Actor in a Drama Series բաժամունքին մէջ, ինչպէս նաեւ Screen Actors Guild Award մրցանակ մը: Ան միշտ Սանտրա Օհի սէրն է հեռուստաշարին մէջ, ով ստանցնած էր Դկ. Քրիսթինա Եանկի դերը: Ուաշինկթընը սկըզբը փորձած է ստանցնել Դկ. Տէրըք Շէփըրտի դերը, սակայն այդ դերը ստանցնուած է Փաթրիք Տէմբսիի կողմէ: Իր դերին համար ան անունանուած է "TV's Sexiest Men" («Հեռատեսիլի Ամէնէն Ցանկայարոյց Մարդը») TV Guide պարբերաթերթին կողմէ 2006-ի Յունիսին, ինչպէս նաեւ անուանուած է իբրեւ հեռատեսիլի ամէնէն ցանկայարոյց իշկներէն մին TV Guide ընկերութեան հեռատեսիլի կայանէն, 2008-ի Յունիսին: People պարբերաթերթի կողմէ ան կը գտնուի "50 Beautiful People" («50 Ամէնէն Գեղեցիկ Անձինք») ցանկին մէջ 2006-ի Մայիսին:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

_2-0">↑ https://www.youtube.com/watch?v=sxw3Y4fpBfM
  • _3-0">↑ https://www.newsweek.com/former-greys-anatomy-actor-isaiah-washington-comes-out-trump-supporter-1457741