Լիպիա
Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ երկիր
Լիպիա, պաշտօնապէս՝ Լիպիական Արաբական Հանրապետութիւն, պետութիւն մըն է Հիւսիսային Ափրիկէի կեդրոնական տարածքին մէջ: Սահմանակից է Թունուզի, Ալճերիոյ, Նիճերիոյ, Չատի, Սուտանի, եւ Եգիպտոսի: Հիւսիսէն անոր կը շրջապատէ նաեւ Միջեկրական ծովը: Տարածութիւնը 1759,5 հզ. քմ² է, բնակչութիւնը՝ 7,131,872 միլիոն (2015)։ Մայրաքաղաքը՝ Թրիփոլի։ Երկիրը բաժնուած է 10 նահանգներու:
Անուանում
ԽմբագրելՀին ժամանակ, Լիպիան ամբողջ կը կոչուէր Ափրիկէ։ Բառի նշանակութիւնը կը բացատրուի երկու ձեւերով: Ոմանք կը կարծեն որ բառը յառաջացած է Եգիպտոսի արեւմուտք բնակող «Լիպս» ժողովրդի անունէն: Իսկ երկրորդ տեսակէտը այն է, որ բառը կապ մը ունի հին Յունարէն Լիպա կամ Լիպս կոչուող արեւմտեան խոնաւ քամիին անուան հետ: Այսինքն ըստ երկրորդ տեսակէտի «Լիպիա» անուանումը պարզապէս կը նշանակոէ արեւմտեան երկիր[5]։