Պոթսուանա
Պոթսուանա, պաշտօնապէս՝ Պոթսուանայի Հանրապետութիւն (թսուաներէն՝ Lefatshe la Botswana), ծովէն մեկուսացուած երկիր մըն է հարաւային Ափրիկէին մէջ: 1966 Սեպտեմբեր 30-էն Ազգերու համագործակցութեան անդամ է:[5]
Միջին չափսերի երկիր մըն է, երկուքէն քիչ մը աւել բնակչութիւնով եւ աշխարհի ամենասակաւախիտ երկիրներէն մեկն է: Բնակչութեան շուրջ 10 տոկոսը կը բնակի մայրաքաղաք Կապորոնէին մէջ: Նախկինին 1960-ականներու վերջին մեկ շունչի հաշուով ՀՆԱ-ի տարեկան շուրջ US$70 ցուցանիշով աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մին ըլլալով, Պոթսուանան ներկայիս դարձած է աշխարհի ամենաարագ զարգացողներէն մին: Տնտեսութեան մէջ կը գերակշռէ հանքարդիւնահանութիւնը, անասնաբուծութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը: Պոթսուանայի պարծանքն է մեկ շունչի հաշուով ՀՆԱ-ի տարեկան շուրջ US$18 825 ցուցանիշը, որն Ափրիկէի մէջ ամենաբարձրներէն է:[6]
Աշխարհագրական Տուեալներ
ԽմբագրելՊոթսուանան մեծութեամբ աշխարհի 48րդն է 581 730 քմ2 տարածքով, որը Մատակասքարի կամ Ֆրանսայի չափ է: Երկիրը 17° եւ 27° հարաւային զուգահեռականներու եւ 20° եւ 30° արեւելեան միջօրէականներու միջեւ է:
Պոթսուանան րր տեղագրութիւնով տափակ երկիր մըն է, տարածքի շուրջ 70 տոկոսը Քալահարի անապատով: Սահմանակից է հարաւէն եւ հարաւ-արեւելքէն՝ Հարաւային Ափրիկէին, հարաւէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն՝ Նամիպիոյ եւ Զիմպապուէին՝ հիւսիս-արեւմուտքէն: Հիւսիսին Զամպիոյ հետ ունեցած սահման աննշան է եւ կը կազմէ մի քանի հարիւր մեթր:[7] Օքաւանկոյի տելթան աշխարհի ամենախոշորներէն է:
Զգալի տարածք կը զբաղեցնէ նաեւ Լիմփոփոյի աւազանը, որ մասամբ Զիմպապուէի տարածքին մէջ է նաեւ:
Բնաշխարհ
ԽմբագրելՊոթսուանան ունի վայրի կենդանիներու բնակեցման բազմազան վայրեր: Տելթայէն եւ անապատէն զատ կան սաւաննաներ եւ խոտածածկ դաշտեր, ու ր կ'արածեն կապոյտ կնուները, այծքաղները, եւ այլ կաթնասուններ եւ կը բնակեն թռչուններ: Հիւսիսին կան վտանգուած ափրիկէական վայրի շան մի քանի բնակատեղիներ: Չոպի ազգային զբօսայգիին մէջ է ափրիկէական փիղերու ամենախոշոր կեդրոնացումը: Այգին ունի 11 000 քմ2 տարածք եւ կը պահէ շուրջ 350 տեսակի թռչուններ:
Տնտեսութիւն
ԽմբագրելԱնկախութիւն ստանալէն ետք, Պոթսուանան ունեցած է աշխարհիին մէջ ամենաարագ աճող մեկ շունչի հաշուով ՀՆԱ-ի ցուցանիշը:[8] Պոթսուանան ձեւափոխուելով աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն դարձաւ միջին եկամուտով երկիր: Իր ներուժունակութիւնն օգտագործելով, Պոթսուանան լաւ հաստատուածային կառուցուածք ապահովելով ապահովեցաւ ապագայի համար կայուն եկամուտ:[9] Ըստ գնահատումներէն մեկու անիկա ունի Ափրիկէին մէջ համախառն ներքին արդիւնքի չորրորդ մենաբարձր ցուցանիշը, որը համեմատելի է Մեքսիքոյի հետ:[10] Համաշխարհային արժոյթի հիմնադրամի համաձայն, տնտեսութիւնը զարգացած է տարեկան 9%-ով 1966-էն մինչեւ 1999 թուականները: Պոթսուանան ունի տնտեսական ազատութեան բարձր մակարդակ Ափրիկէական այլ երկիրներու համեմատ:[11] 2002-ին եւ 2003-ին կառավարութիւնը վարած է չափաւոր ֆիսքալ քաղաքականութիւն, չնայած պետպիւճէի հետեւողական անբաւարարութեանը եւ աննշան արտաքին պարտքին: Անիկա ստացած է Ափրիկէի մէջ ամենաբարձր ինքնիշխան կրեդիտային դասակարգում եւ 2005/2006-ին գրանցած է աւելի քան US$7 մլր. արժութային պահուստ, որը ընթացիկ ներմուծման համարեայ երկուսուկէս տարին: