Աւետիք Իսահակեան
Աւետիք Իսահակեան (18 (30) Հոկտեմբեր 1875[[:hy:s:Հայկական_սովետական_հանրագիտարան|Հայկական_սովետական_հանրագիտարան]]
Աւետիք Իսահակեան (18 (30) Հոկտեմբեր 1875[[:hy:s:Հայկական_սովետական_հանրագիտարան|Հայկական_սովետական_հանրագիտարան]]
Ծնած է Ալեքսանդրապոլ (վերանուանուած Լենինական, իսկ այժմ՝ Գիւմրի) գաւառի «Ղազարապատ» գիւղին մէջ՝ 1875 թուականի Հոկտեմբեր 30–ին։ Քաղաքական գործունէութեան զուգընթաց, վաղ երիտասարդական տարիներէն զբաղած է նաեւ գրականութեամբ։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք, անցած է Էջմիածին՝ Գէորգեան Ճեմարան, ուր իր ուսուցիչը՝ բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան, քաջալերած եւ ուղղութիւն տուած է իր գրական առաջին քայլերուն։ 1893–ին մեկնելով Եւրոպա՝ հետեւած է համալսարական ուսման Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ՝ Վիեննայի ու ապա Լայփցիկ։ Քանի մը անգամ հայրենիք կը վերադառնայ եւ կրկին Եւրոպա կ՛ անցնի։ Համաշխարհային Ա․ Պատերազմի ծագման օրերէն իսկ արտասահման կը գտնուի, ուր կը մնայ 12 տարի եւ թափառական կեանք մը կը վարէ։ 1926-ին Հայաստան կը վերադառնայ ու չորս տարի հոն ապրելէ ետք, Փարիզ կը հաստատւի։ 1936–ին վերջնականապէս կը հաստատուի Հայաստան, ուր կ՝ապրի մինչեւ իր մահը։
1896-ին ցարական իշխանութիւնը զայն կը ձերբակալէ եւ մէկ տարուան համար Երեւանի բերդը կ՛ արգելաբակուի։ «Երգեր ու վերքեր» բանաստեղծութիւններու իր առաջին գիրքը (1897) զայն կը ճանչցնէ իբրեւ տաղանդաւոր բանաստեղծ։ Շուտով կրկին կը ձերբակալուի եւ Օտեսա կ՛ աքսորուի:
1902-ին երբ հայրենիք կտ վերադառնայ, Թիֆլիս կը հաստատուի։ 1899-1906-ին կը գրէ «Հայդուկի երգեր» բանաստեղծութիւններու շարքը։ 1908-ի Դեկտեմբերին, կ՛ ամբաստանուի «դաշնակցութեան գործով» եւ մօտաւորապէս 6 ամիս Թիֆլիսի Մետեխի բանտը մնալէ ետք, անգամ մը եւս արտասահման կ՛ անցնի։
Գլխաւոր գործերն են՝ «Երգեր ու Վէրքեր», «Բանաստեղծութիւններ», «Հայրենի Աղբիւրից» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոները, «Աբու Լալա Մահարի» վիպերգը։ Ունի նաեւ պատմուածքներ եւ արձակ էջեր։
Իսահակեան քնարերգակ բանաստեղծ է, կ'երգէ սէրը, մայրը եւ հայրենիքը։ Իսահակեան նաեւ մտածող բանաստեղծ է, փիլիսոփայ, մանաւանդ իր «Աբու Լալա Մահարի» վիպերգին մէջ, որուն նիւթը արապ մեծ բանաստեղծ Աբու լ-Աալա լ-Մաարիյի կեանքն է։ Հայ ժողովուրդը մեծապէս գնահատելով իր տաղանդը զինք կոչած է «Վարպետ»։
ԺԹ․ դարավերջին եւ Ի․ դարասկիզբին հայ քաղաքական կեանքը եւ հայկական հարցը, Իսահակաեան իւրահատուկ ձեւով պիտի արտայայտէ «Ուստա Կարօն» մեծածաւալ վէպին մէջ, որ սակայն անաւարտ պիտի մնայ․- «Ուստա Կարոն» կ՛ աւարտի այն օրը, երբ լուծուի հայկական հարցը», ըսած է ան՝ Վարպետը: Վէպին մեծ մասը գրուած է Ժընեւ։
Աւետիք Իսահակեան «Հայ Գուսան» ծածկանունով ստորագրած է բազմաթիւ երգեր նուիրուած հայ հերոսներու (յեղափոխական մարտիկներու) դիւցազնական պայքարին։
|archiveurl=
եւ |archive-url=
specified (օգնութիուն); More than one of |archivedate=
եւ |archive-date=
specified (օգնութիուն); More than one of |deadurl=
եւ |dead-url=
specified (օգնութիուն)