Թորոս Թորանեանը «Սարգիս Խաչատուրեան 130-ամեակ» ցուցահանդէսի ժամանակ, ՀԱՊ
Թորոս Թորանեան ծնած է 1928 թուականին՝ Սուրիա, Հալէպ։ Սովորած է Հալէպի Կիւլպէնկեան դպրոցէն ներս։ Ստացած է բժշկական կրթութիւն։
Բազմաժանր ստեղծագործող է։
Լոյս ընծայած է «Աստղերու ճամբան» (1960), «Կանաչ տառեր» (1965), «Անտալուզեան երգեր» (1979), «Կարօտի Ճամբաներով» (1990), «Մեծ Հորս Պատմած Հեքիաթները» (1992), «Թող Հայաստանը Խօսի» (1998), «Կեանքի Կեռմաններով» (1999) եւ այլն։
Հեղինակ է նաեւ «Վավա եւ Սարգիս Խաչատրեան» (1983), «Ժամանակի Վկան եւ Ապագայի Դեսպանը» (1990), «Անդրանիկ Ծառուկեան Արձակագիրն ու Բանաստեղծը» (2000), «Ամբողջական Գրագէտը. Ռոպէր Հատտէճեան» (2002), «Ձրոյցներ Կարպիս Սուրէնեանի Հետ» (2003), «Սիմոն Սիմոնեան Երեւոյթը» (2004) մենագրութիւններու[3]։
Մենք, ինչպէս երեւանցիները սովորութիւն ունին ըսելու, այն գլխէն լսած ենք Խաչատուր Աբովեանի ձայնը, որ կ՛ըսէր. «Այն որ լեզուն կը կորսնցնէ, ազգը կը կորսնցնէ», լեզուն կորսնցնողը չի կարնար ճանչնալ հայ մշակոյթը, հայոց պատմութիւնը։ Հալէպ, իմ ընկերներէն մէկնը կ՛ըսէ, որ մենք հիմա Սփիւռքի մէջ դարձած ենք հայանման բան մը, հայ չենք։