Ծնած է Պոլիս, 1869-ին, բուն անունով Լեւոն Նահաշպետեան, ապա հօրը՝ Սեղբոսի անունով կոչուած է Սեղբոսեան։ Մանուկ տարիքին կորսնցուցած է մայրը, ապա հայրը։ Մինչեւ 13 տարեկան յաճախած է Սկիւտարի վարժարանը։ Իբր ուշիմ աշակերտ, 1884-ին խումբ մը պատանիներու հետ (որոնցմէ էր Սողոմոն Սողոմոնեան, ապագային՝ Կոմիտաս Վարդապետ) մեկնած է Էջմիածին յաճախելու Գէորգեան Ճեմարանը։ Եօթը տարուան ուսումէ ետք, աւարտած է Ճեմարանը ու վերադարձած՝ Պոլիս։ Տարեշրջան մը ուսուցչութեամբ զբաղած է, նաեւ Պոլսոյ «Հայրենիք»ին մէջ հրատարակած է «Մնաք բարովի իրիկունը» երգիծական վիպակը։ 1891-ին քսաներկու տարեկան Լեւոնը նոյն օրաթերթին մէջ լոյս ընծայած է իր առաջին բանաստեղծութիւնները Լեւոն Շանթ գրական ծածկանունով։
1892–ին մեկնած է Գերմանիա ուսանելու։ Եօթը տարի հետեւած է մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ յարակից ճիւղերու Լայփցիկի, Ենայի եւ Միւնիխի համալսարանները։ Գրած եւ հրատարակած է բանաստեղծութիւններ ու փոքր վէպեր («Դրսեցիները», «Վերժին»․․․)։ Ասոնք, ընդհանրապէս իրապաշտ ներշնչումով, խառնուած են վիպապաշտական եւ այլ տարրերու հետ։
Կովկաս վերադառնալով, 1899–էն մինչեւ 1910 դասաւանդած է Թիֆլիսի Գայեանեան աղջկանց եւ Երեւանի Թեմական դպրոցներուն մէջ։ Կովկաս ապրած շրջանին սերտ յարաբերութիւններ ստեղծած է արեւելահայ գրողներու հետ, մասնակցած՝ Յովհաննէս Թումանեանի«Վերնատուն» գրական խմբակի ժողովներուն եւ Ս. Լիսիցեանի եւ Թումանեանի հետ հրատարակած՝ «Լուսաբեր» դասագիրքերու շարքը։ Գրած է իր առաջին թատերախաղերը, ինչպէս՝ «Եսի Մարդը»։
1911-ին, տարի մը Եւրոպա մնալէ ետք, Պոլիս վերադարձած է, ուր մինչեւ 1913 դասաւանդած է Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ։ Գրած է իր առաջին մեծ թատրերգութիւնը՝ «Հին աստուածներ»ը։
1913–ին կրկին մեկնած է Եւրոպա։ 1915-ին Եւրոպա ըլլալով ազատած է Ապրիլեան Եղեռնէն։ 1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Ա Հանրապետութեան Խորհրդարանի անդամ եւ դարձած՝ փոխ նախագահներէն մէկը։ 1920 Ապրիլին յատուկ պատուիրակութեամբ մը մեկնած է Մոսկուա բանակցելու համար ռուս համայնավար իշխանութիւններուն հետ՝ ապարդիւն։ Այս շրջանին շարունակած է գրել, տալով «Կայսրը» եւ այլ թատերախաղեր։
1921–ին Պարսկաստանի ճամբով անցած է Մարսէյլ, ուր հաստատուած է մինչեւ 1925 վարելով ուսուցչական պաշտօններ։1926-ին Նիկոլ Աղբալեան զինք հրաւիրած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) դասաւանդելու համար Ազգային Պօղոսեան վարժարանին մէջ։ 28 Մայիս1928-ին Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորականերու հետ հիմնած է «Համազգային Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը»։
Այս շրջանին, տուած է իր վերջին գրական գործերը՝ ծաւալուն թատրերգութիւն մը եւ վէպ մը։ Աւելի առատ է իր արտադրութիւնը գրական մարզէն դուրս՝ ընկերա-քաղաքական կամ գրական-տեսական ուսումնասիրութիւններ, նաեւ մանկավարժական գործեր։ Ասոնց կարգին հայերէն լեզուի դասագիրքերու շարքերը՝ «Մանկական աշխարհ» եւ «Հայրենի աշխարհ»։
Շանթ իրապաշտ գրող մը եղած է հակառակ ռոմանթիկ (միջազգային) եւ գեղապաշտ (հայկական) շրջանի մէջ ապրած ըլլալուն։ Ան կը սիրէ կեանքի իրականութիւնը ներկայացնել որոշ գաղափարական ձգտումներով։ Իր վէպերուն մէջ կը տիրապետէ գեղեցիկը, վսեմը եւ արժէքաւորը։ Շանթի վէպերու հերոսները գիտուններ, մտաւորականներ, ուսանողներ եւ արուեստագէտներ են։ Կինը ներկայ է Շանթի վէպերուն մէջ իբրեւ ներշնչող գլխաւոր հերոս եւ ոչ իբր հաճոյքի առարկայ կամ պարզ ստորադաս էակ։ Այսպէս՝
«Մնաք բարովի իրիկունը» երկրէն մեկնող ուսանողի մը իր ծանօթ ընտանիքներուն մնաք բարով ըսելու գացող վիպակը երգիծական բնոյթ ունի։
«Երազ օրեր»ու 17 տարեկան հերոսուհիին սիրահարութիւնն է իրեն դասաւանդող երիտասարդ ուսանողին։
Շանթ արեւմտահայ թատրոնի տիտաններէն մէկն է։ Իր ութը թատերական գործերը բեմ կը հանեն պայքարող մարդիկ, ուր կը տեսնենք «ես»ի եւ կամքի ընդհարումներ։ Շանթի հերոսները ձգտումներ ունին եւ կը պայքարին առհասարակ ընդունուած ընկերային սեղմումներու դէմ՝՝ օրինակ Վանահայրը կամ Օշին Պայլ։ Իր թատրերգութեան տեսակը խորհրդապաշտ է ուր կայ իտէալ եւ գաղափարական Թռիչք։ Այսպէս՝
«Հին Աստուածները» երիտասարդ աբեղայի մը սէրը կը ներկայացնէ Սեդա անունով աղջկայ մը հանդէպ զոր կ՛ազատէ Սեւանայ լիճի ջուրերէն։ Սեդան Սեւանայ լիճի վանքին հիմնադրութեան եւ ծախսերուն օգնող Իշխանուհիին եղբօր աղջիկն է որուն սիրահարուած էր վանահայրը։ Աբեղան կը փորձէ, սակայն չի կրնար մոռնալ Սեդան ու անձնասպան կ՛ըլլայ նետուելով Սեւանի ջուրերուն մէջ։ Վանահայրը կը հեռանայ մեղքի վրայ հիմնուած կղզիէն։
«Շղթայուածը» կը ներկայացնէ Անի քաղաքի ազնուական եւ քաղքենի դասակարգերու կողմէ սկսած ապստամբութիւնը արաբական տիրապետութեան դէմ։
«Ինկած բերդի իշխանուհին» կիլիկեան հայ իշխանուհիին վրէժն է։
«Օշին Պայլ» կիլիկեան հայ իշխան մը որ իր սէրը կը զոհէ ամուսնանալով այրի թագուհիին հետ այսպէս ընդունելով գահին խնամակալութիւնը (Պայլ)։
«Կայսրը» գրուած է Բիւզանդական կայսրութեան 10-րդ դարուն, ուր կան դաւեր կայսրուհիին կողմէ կայսրին եւ հայազգի զօրավար Օհան Գուրգէնին դէմ։ Օհան կայսրուհին կ՚աքսորէ կղզի մը եւ կը փորձէ ամուսնանալ հայ իշխանուհիի մը հետ։
Իր ուսումնական կեանքի եւ գործունէթեան մէջ Շանթ մեզի կը ներկայանայ իբր ուսուցիչ, տնօրէն նոյն ատեն եւ իբր դաստիարակ եւ գիտուն։ Գիտնականի մօտեցումը չի հակազդեր դաստիարակի պաշտօնին այլ կը դառնայ հիմք ուսուցիչի եւ տնօրէնի դասաւանդումի աշխատանքին։ Ըստ իր աշակերտ Մուշեղ Իշխանին՝ «Իր գլուխ գործոցը ոչ «Հին Աստուածներ»ն է ոչ ալ «Կայսրը» այլ իր իսկ անձնաւորութիւնը որ քար առ քար բարձրացած ստեղծում կը ներկայացնէր»»։ Շանթ կը սիրէր աշխատիլ անընդհատ, ինչ որ նկատելի է իր 40 տարուան ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր բծախնդիր մօտեցումէն՝ դասաւանդած նիւթերուն հանդէպ։ Կը սիրէր ըսել՝ «Տղաք, աշխատեցէ՛ք, սուրբ է աշխատանքը։ Աշխատողը միայն մարդ կը դառնայ»։ Հայ Ճեմարանի (հետագային Նշան Փալանճեան) ուսուցչական կազմը, աշակերտները եւ նոյնպէս ծնողները կը յարգէին հաստատութեան հիմքը ներկայացնող Շանթը: Տնօրէն մը որ չէր ճնշեր, որ գիտէր կազմակերպել, առանց որուն կարծես դպրոցի գործերը կ՛ընթանային։
Գործնական քերականութիւն արեւմտեան հայերէնի, Պէյրութ, 1939, 128 էջ:
Մանկական աշխարհ, Պէյրութ, 1943, 144 էջ:
Հոգիները ծարաւի (վէպ), Պէյրութ, 1945, 225 էջ:
Հոգեկան կարողութիւններու զարգացումը մինչեւ մարդ, Պէյրութ, 1946, 224 էջ:
Երկեր, հատ. Ա. Մնաք բարովի իրիկունը, Լերան աղջիկը, Երազ օրեր, Դուրսեցիները, Երգեր, Պէյրութ, 1946, 368 էջ:
Երկեր, հատ. Բ. Վերժին, Դարձ, Դերասանուհին, Եսի մարդը, Ուրիշի համար, Ճամբուն վրայ, Պէյրութ, 1946, 384 էջ:
Երկեր, հատ. Գ. Հին աստուածներ, Կինը, Կայսր, Շղթայուածը, Ինկած բերդի իշխանուհին, Պէյրութ, 1947, 408 էջ:
Երկեր, հատ. Դ. Օշին պայլ, Հոգիները ծարաւի, Գրական երկերուն դերը, Պէյրութ, 1949, 408 էջ:
Երկեր, հատ. Ե. Ընկերաբանական ու գրաբանական հարցեր, Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան, Անհավասարութիւնը կեանքի մէջ, Մտավորականութիւն ու կուսակցութիւն, Անկախութիւնը պահանջ ազգային գոյութեան, Սեռը եւ նիւթը բանահիւսութեան մէջ, Բանահիւսական ճարտարապետութիւն, Պէյրութ, 1948, 468 էջ:
Երկեր, հատ. Զ. Կրթութիւնը ընդհանրապես, Կրթութեան էութիւնն ու բաժանումները, Անվար կրթութիւն, Ընտանեկան ու դպրոցական ղեկավարութիւն, Նպաստ կարողութիւններու բացման, Դաստիարակութիւն, Ուսում, Ինքնակրթութիւն, Պէյրութ, 1951, 284 էջ:
Երկեր, հատ. Է. Ուսում ու կրթութիւն դպրոցական, Դպրոցային արտաքին կազմը, Ներքին կեանք, Ոգի եւ դաստիարակութիւն, Դպրոցական աշխատանքին կապուած ընդհանուր հարցեր, Դպրոցական չորս շրջանները եւ ուսուցման նիւթերը, Գիտութիւններու ուսուցումը, Լեզուներու ավանդումը, Գեղարուեստներու մշակումը, Խաղ ու մարզանք, Պէյրութ, 1952, 304 էջ:
Երկեր, հատ. Ը. Ընդհանուր ակնարկ մը հայ բանահիւսութեան վրայ, Գուսանական հեթանոս վիպասանութիւն, Գրաբարի քրիստոնեաց հազարամեակը, Աշխարհականացումը գրաբարի, Բարբառական անգիր գրականութիւն, Անհատական ստեղծագործութիւն բարբառով, Նոր գրականութիւն արդի արեւմտեան լեզուով, Նոր գրականութիւն արդի արեւելեան լեզուով, Մեր վաղուան գրականութիւնը, Պէյրութ, 1946, 464 էջ:
Երկեր, հատ. Դ. Օշին պայլ, Հոգիները ծարաւի, Գրական երկերուն դերը, Պէյրութ, 2008, 380 էջ:
Երկեր, հատ. Ե. Ընկերաբանական ու գրաբանական հարցեր, Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան, Անհավասարութիւնը կեանքի մէջ, Մտավորականութիւն ու կուսակցութիւն, Անկախութիւնը պահանջ ազգային գոյութեան, Սեռը եւ նիւթը բանահիւսութեան մէջ, Բանահիւսական ճարտարապետութիւն, Պէյրութ, 2008, 448 էջ:
Երկեր, հատ. Զ. Կրթութիւնը ընդհանրապես, Կրթութեան էութիւնն ու բաժանումները, Անվար կրթութիւն, Ընտանեկան ու դպրոցական ղեկավարութիւն, Նպաստ կարողութիւններու բացման, Դաստիարակութիւն, Ուսում, Ինքնակրթութիւն, Պէյրութ, 2008, 264 էջ:
Երկեր, հատ. Է. Ուսում ու կրթութիւն դպրոցական, Դպրոցային արտաքին կազմը, Ներքին կեանք, Ոգի եւ դաստիարակութիւն, Դպրոցական աշխատանքին կապուած ընդհանուր հարցեր, Դպրոցական չորս շրջանները եւ ուսուցման նիւթերը, Գիտութիւններու ուսուցումը, Լեզուներու ավանդումը, Գեղարուեստներու մշակումը, Խաղ ու մարզանք, Պէյրութ, 2008, 280 էջ:
Երկեր, հատ. Ը. Ընդհանուր ակնարկ մը հայ բանահիւսութեան վրայ, Գուսանական հեթանոս վիպասանութիւն, Գրաբարի քրիստոնեաց հազարամեակը, Աշխարհականացումը գրաբարի, Բարբառական անգիր գրականութիւն, Անհատական ստեղծագործութիւն բարբառով, Նոր գրականութիւն արդի արեւմտեան լեզուով, Նոր գրականութիւն արդի արեւելեան լեզուով, Մեր վաղուան գրականութիւնը, Պէյրութ, 2008, 464 էջ: