Ճիմի Տոնալ Ուէյլզ, յայտնի է որպէս «Ճիմպօ» (անգլերէն՝ Jimmy Donal «Jimbo» Wales), ամերիկացի համացանցի գործարար, առաւել յայտնի որպէս Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանի համահիմնադիր եւ Ուիքիա ընկերութեան հիմնադիր։ Ծնած է 7 Օգոստոս1966 թուականին։
Ճիմմի Ուէյլզը իր երկրորդ կնոջ՝ Քրիստիայի հետ, Քրուաթիա, 2007
Ուէյլզը ծնած է Հանթսուիլի մէջ, ուր յաճախած է Ռանտոլֆ դպրոցը՝ համալսարանի նախապատրաստական դպրոց, այնուհետեւ ձեռք բերած է ֆինանսի պաքալորիայի (bachelor's) եւ մագիստրոսի (master's) աստիճան։ Ան կը դասաւանդէր երկու համալսարաններու մէջ։ Մինչեւ գիտութիւններու թեկնածուի թեզը աւարտելը, ան կը ձգէ ասպիրանտուրան, որպէսզի աշխատանքի անցնի ֆինանսական համակարգին մէջ։ 1996 թուականին, ան երկու համախոհներու հետ կը հիմնէ Պոմիս, տղամարդոց համար նախատեսուած ուեպ փորթալը։ Ընկերութիւնը սկզբնական ֆինանսաւորում ապահովեց դիտանցուող ազատ Նուփետիա հանրագիտարանի (2000–2003) եւ անոր հետեւորդ Ուիքիփետիայի համար։
15 Յունուար 2001-ին, Լարի Սանկերի եւ ուրիշներու հետ Ուէյլզը գործարկեց Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանը, որ արագ աճ եւ հանրաճանաչութիւն վայելեց։