Ալան Ռիքման
Ալան Սիտնի Փաթրիք Ռիքման (21 Փետրուար 1946Internet_Broadway_Database
Ալան Սիտնի Փաթրիք Ռիքման (21 Փետրուար 1946(1946-02-21)Internet_Broadway_Database
Ալան Ռիքման ծնած է Անգլիա, 1946 թուականին: Ան ունի երկու եղբայրներ՝ Տէյվիտ եւ Մայքըլ, իսկ մէկ քոյր մը՝ Շէյլան: Երբ Ալան 8 տարեկան էր, կը մահանայ անոր հայրը: Իրենց մայրը չկարողանալով 4 զաւակի ապահովել, շուտով կրկին կ'ամուսնանայ, սակայն 3 տարի ետք կ'ամուսնալուծուի:
Երբ Ալան դպրոցը կ'աւարտէ, կ'որոշէ հետեւիլ դերասանութեան մասնագիտութեան, որն ուսանելէ եւ աւարտելէ ետք, կը սկսի ստանալ տարբեր դերեր ֆիլմերու մէջ, զորօրինակ՝
19 տարեկանին, Ռիքման ծանօթացաւ Ռիմա Հորթընին որ դարձաւ իր սիրահարուհին[10]: 2015 թուականին, Ալան հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ որ անոնք գաղտնօրէն 2012 թուականին ամուսնացան Նիւ Եորքի մէջ։ Անոնք 1977 թուականէն միասին կ'ապրէին մինչեւ Ալանի մահը 2016 թուականին: Ալան եւ Ռիմա ոչ մէկ զաւակ ունեցան[11][12][13]:
14 Յունուար, 2016 թուականին, Ալան մահացաւ Լոնտոնի հիւանդանոցին մէջ[14], շրջապատուած իր բարեկամներով[15]: Ան կը տառապէր քաղցկեղ հիւանդութիւնէ, եւ այս մէկը գիտէին միայն իր մօտիկ հարազատները[16]:
|