Տէյմ Ակաթա Մէրի Քլարիսա Քրիսթի (անգլերէն՝ Dame Agatha Mary Clarissa Christie, 15 Սեպտեմբեր, 1890, Տեւոն, Անգլիա - 12 Յունուար, 1976, Ուինթըրպրուք, Անգլիա): Քրիսթին իր առաջին ամուսինին մականունն է: Ան Անգլիացի գրող է: Հրատարակած է աւելի քան 60 սոսկումի վէպեր, 6 սիրային վէպեր եւ 19 հաւաքածոներ:
Ակաթա Քրիսթիի գիրքերը հրատարակուած են աւելի քան 2 միլիոն օրինակով եւ թարգմանուած են աւելի քան 100 լեզուներու, նաեւ հայերէնի[9]:
Անոր The Mousetrap թատերագրութիւնը, առաջին անգամ բեմադրուած է 1952 թուականին եւ բազմաթիւ տեղեր կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Ակաթա Քրիսթիի ստեղծագործութիւնները ըստ թարգմանութեան, աշխարհի առաջինն են[10]:
Ակաթա Քրիսթի ծնած է 15 Սեպտեմբեր, 1890 թուականին, Անգլիոյ մէջ հարուստ ընտանիքի մը[11]:
Ակաթա Քրիսթին ունէր մէկ քոյր եւ մէկ եղբայր: Ան սկսած է գրել իր քոյրէն ներշնչուելով: Քոյրը կը գրէր զուարճալի պատմութիւններ, եւ որպէսզի իրարմէ տարբեր ըլլան՝ Քրիսթին կ'որոշէ գրել սարսափի պատմութիւններ: Անոնց ծնողները, չհամաձայնելով իրենց պատմութիւններ գրելու ստեղծագործութեամբ, երկար ժամանակ Ակաթային կ'արգիլեն գրելը: Երբ Ակաթային հայրը կը մահանայ, ընտանիքը կ'որոշէ տեղափոխուիլ Կիպրոս, որովհետեւ հոն կեանքը աւելի դիւրին եւ աժան էր:
Սակայն Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը տեղի կ'ունենայ, եւ Ակաթան կը սկսի աշխատիլ Կարմիր Խաչ հիւանդանոցին մէջ։ Հոն ան կը սորվի դեղերու պատրաստութեան մասին եւ կը ծանօթանայ տարբեր թոյներու տեսակներու: Յետագային, այս տեղեկութիւնները կ'օգտագործէ իր վէպերուն մէջ[12][13]:
Ակաթան գրած է աւելի քան 100 վէպեր, կարճ պատմութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ: Ան պարգեւատրուած է Պրիթանական կայսրութեան երրորդ աստիճանի շքանշանով եւ գրական պարգեւներով: Զարմանալիօրէն, Ակաթան երբեք լրջօրէն չէ մօտեցած իր արուեստին, այլ աւելի կարեւորութիւն եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է իր գիտական նախասիրութիւններուն եւ ամուսինին գործին, որ հնագիտութիւն էր:
Ակաթա Քրիսթին համարձակ եւ ուժեղ կին մըն էր, ու ան օդաչու էր:
1971 թուականէն, 1974 թուական Ակաթային առողջութիւնը կը սկսի տկարանալ, բայց ան կը շարունակէ գրել: Մի քանի Քանատացի մասնագէտներ կ'ըսեն թէ ան կրնայ ըլլալ կը տառապէր յիշողութեան դժուարութիւններէ[14][15][16][17]:
Ակաթան կը մահանայ 12 Յունուար, 1976 թուականին, 85 տարեկանին, Անգլիոյ մէջ։ Երկու տարի վերջ ալ կը մահանայ իր ամուսինը:
Ան ունի միայն մէկ զաւակ, Ռոզալինտ Հիքսը:
↑Ռոջեր Աքրոյդի սպանությունը։ Սպանություն գոլֆի խաղադաշտում։ [Վեպեր] / Ա. Քրիստի; Անգլ. թարգմ.՝ Ա. Խաչատրյան; Խմբ.՝ Կ. Սաֆրազյան. - Երեւան։ Լույս, 1990. - 478 էջ ; 20 սմ. ISBN 5-545-00537-4 Խաչատրյան, Ալբերտ. թարգմ. Սաֆրազյան, Կ. Ժ. խմբ. Անգլիական գրականություն - Վեպ [1][permanent dead link]