Անթոնիօ Կութերեշ
Անթոնիօ Մանուէլ տի Օլիւէյրայ Կութերեշ (30 Ապրիլ 1949_—_[[:en:Club_of_Madrid|CdM]].
Անթոնիօ Մանուէլ տի Օլիւէյրայ Կութերեշ (30 Ապրիլ 1949(1949-04-30)_—_[[:en:Club_of_Madrid|CdM]].
Անթոնիօ Կութերեշ ծնած է 1949 թուականին Լիզպոն։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է թեքնիքական հաստատութենէն ներս, ուր դասաւանդած է 1973-1975 թուականներուն: 1974 թուականին միանալով Փորթուկալի ընկերվարական կուսակցութեանը՝ կը զբաղի քաղաքականութեամբ։ 1992 թուականին կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դարձած է, իսկ 1995-2002 թուականներուն Փորթուկալի կառավարութիւնը գլխավորած է [14]։ 2005 թուականէն՝ փախստականներու գծով ՄԱԿ-ի հանձնակատարը դարձած է։ 2016 թուականի Ապրիլ 7-էն Փորթուկալի պետական խորհրդատուն է։ 2016 թուականի Հոկտեմբեր 5-ին յայտարարուեցաւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելու համար Անվտանգութեան խորհուրդի քուէարկութեան արդիւնքով Կութերիշի յաղթանակի մասին՝ [15]։
Անթոնիու Կութերիշը 2013 թուականէն Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամն է[16]։
Կը տիրապետէ փորթուկալերէնի, սպաներէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի[14]։ 12Մայիս 2018-ին Անթոնիու Կութերիշը ուղերձ յղած է[17][18] Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
1972 թուականին Կութերիշն ամուսնացած եղած է Լուիզ Ամելիա Կիմարայիշ ի Մելոյի հետ, որ 1998 թուականին քաղցկեղէն մահացած է։ Այդ ամուսնութենէ երկու զաւակ ծնած են։ 2001 թուականին ամուսնացած է Քաթարինէ Մարքիշ տէ Ալմէյտայ Վաշ Փինթուի հետ (ծն․ 1960)[14]։
|