Svoboda | Graniru | BBC Russia | Golosameriki | Facebook
Jump to content

Անտիոք

Բնակավայր
Անտիոք
թրք.՝ Antakya
Երկիր  Թուրքիա
ԲԾՄ 67±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 377 793 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 326
Փոստային ցուցանիշ 31000
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 31
Անուանուած է Antiochus?
Պաշտօնական կայքէջ antakya.bel.tr(թուրք.)

Նախնական աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի հին ժամանակ գոյութիւն ունեցած Անտիոք անունով 16 քաղաքներու մասին։ Անոնցմէ ամէնայայտնին հին Ասորիքի մէջ Որոնդէս գետի վրայ կառուցուած Անտոք քաղաքն է (հայկական աղբիւրներուն՝ Աւագ Անտոք կամ Մեծն Անտոք), որ կը գտնուի Թուրքիոյ Անթաքիա քաղաքին մօտ։ Անտոք բառն առանց յստակացումի կը նշանակէ ճիշդ այդ քաղաքը։

Սելեւկեաններու աթոռանիստ Անտիոքը հիմներ է Սելեւկիոս I Նիկատորը Ք.ա. 301 թ-ին եւ կոչած է իր հօր՝ Անտիոքոսի անունով։ Սելեւկեաններու կառուցած միւս Անտիոքներէն տարբերակելու համար յաճախ անուանուած է «Ասորիքի Անտիոք» (հայկական աղբիւրներուն մէջ՝ «Աւագն Անտիոք»): Հայոց արքայ Տիգրան Բ Մեծը, Ասորիքը նուաճելէն յետոյ, Ք.ա. 83–Ք.ա. 69-ին Անտիոքը դարձած է հայոց տէրութեան հարաւային թագաւորանիստը, ուր իր անունով ու պատկերով արծաթէ դրամներ տպուած է։ Ք.ա. 64-ին քաղաքը հռոմէական զօրավար Պոմպէոսի գրաւելէն յետոյ մինչեւ Կոստանդնուպոլսոյ կառուցումը (IV դար) եղեր է Հռոմէական կայսրութեան արեւելեան մասի մայրաքաղաքը։ 538 թ-ին Պարսից թագաւոր Խոսրով I Անուշիրւանը աւերած է Անտիոքը, բնակչութեան զգալի մասը կոտորած։ Բիւզանդական կայսր Հուստինիանոս Ա-ն (527–565) վերաշինած է զայն եւ տուած՝ «Աստուծոյ քաղաք» անունը, որ պահպանուած է քաղաքի պատրիարքներու տիտղոսաշարին մէջ։ Յետագայ դարերուն մէջ Անտիոքը քանի մը անգամ անցած է մե՛րթ արաբներուն, մե՛րթ բիւզանդացիներուն։ XI դարուն քաղաքի կառավարիչները եղած են նաեւ հայեր ( որդին՝ Վասակ Պահլաւունին, զօրավար Փիլարտոս Վարաժնունին): 1084 թ-ին Անտիոքը գրաւած են սելճուք թուրքերը։ 1098 թ-ի Յունիս 3-ին, 9-ամսուաՆ պաշարումէն յետոյ, խաչակիրները գրաւած են Անտիոքը եւ հիմնած Անտիոքի իշխանութիւնը։ 1268 թ-ին քաղաքը հիմնովին աւերած է Եգիպտոսի Սուլթան Պէյպարսը։

Իր հիմնադրման ժամանակ Անտիոքը ունեցած է ընդամէնը 17-25.000 բնակչութիւն։ Սակայն արդէն վաղ հռոմէական շրջանին քաղաքն ունեցած է 400-600.000-ի հասնող բնակչութիւն։ Այդ ցուցանիշը իջաւ 4-րդ դարուն՝ հասնելով 200.000-ի։ Թէոդոսիոս Ա. Մեծ կայսրի օրով քաղաքը ունեցած է 100.000 բնակիչ։ Քաղաքը յատկապէս տուժեց Սասանեան արքայ Խոսրով Ա-ի արշաւանքներու հետեւանքով, որուն զոհ գացին 300.000 անտիոքցի։ Հակառակ Հուստինիանոս Ա․ կայսրի վերականգնողական աշխատանքներուն, Անտիոքը այլեւս երբեք չվերականգնեց իր երբեմնի փառքը եւ մեծութիւնը։

Քրիստոնէութիւնը Անտիոքի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին դարեր

Անտիոքի մէջ քրիստոնէութեան տարածման եւ առաջին քրիստոնէական համայնքներուն մասին կը վկայէ Գործք Առաքելոցը: Այստեղ գործեր են Բառնաբաս, Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները: Անտիոքի եկեղեցւոյ հիմնադիրը կը համարուի Պօղոս առաքեալը։ Քրիստոնէութիւնը Անտիոքէն տարածուած է դէպի Արեւելք: Անտիոքի մէջ կը գտնուի արեւելքի (Փոքր Ասիա) Հռոմէական կայսրութեան չորս արքեպիսկոպոսութիւններէն (էքզարխատ) մէկը՝ Կեսարիա, Եփեսոս եւ Հերակլեայի հետ։ Կոստանդնուպոլսոյ Բ. տիեզերական ժողովի (381) երրորդ կանոնով Անտիոքի աթոռը եղած է չորրորդ տիեզերական աթոռը՝ Հռոմէն, Կ․ Պոլիսէն եւ Ալեքսանդրիայէն յետոյ։

  • Բիւզանդական կայսրութիւն

4-րդ դարու վերջը Բիւզանդական կայսրութեան, արեւելքի իշխանութեան 15 մարզերուն վրայ ստեղծուած է Անտիոքի պատրիարքութիւնը, որուն իշխանութեան տակ էին Փիւնիկիան, Արաբիան, Պաղեստինը։ Պատրիարքները կրած են «Համայն Արեւելքի պատրիարք» տիտղոսը։ Անտիոքի պատրիարքութենէն յետագային առանձնացուած են Կիպրոսը, Պարսիկ եկեղեցին եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը։ 451ի Քաղկեդոնի ժողովը պառակտում առաջացուցած է Անտիոքի եկեղեցիին եւ քրիստոնէական համայնքին միջեւ։ 5-րդ դարուն Անտիոքի պատրիարքութենէն բաժնուած է նեստորական եկեղեցին, իսկ 6 եւ 7-րդ դարերուն Անտիոքի մէջ ձեւաւորուած են քաղկեդոնական-մելկիտ, միակամ-մարոնիդ (մարունի) եւ հակաքաղկեդոնական յակոբիկ հոսանքները։ Այս հոսանքները առանձինն կազմած են եկեղեցիներ իրենց համայնքներով եւ պատրիարքներով։ Երեք եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն ալ իրենք զիրենք անուանած են Անտիոքի պատրիարք: 11 եւ 12-րդ դարերէն յետոյ անոնցմէ ոչ մէկուն նստավայրը Անտիոքի մէջ չէ տեսնուած։ 1182 թուականին Մարոնիդ եկեղեցին ընդունած է Վատիկանի գերագահութիւնը, իսկ ասորական Յակոբիկեան եկեղեցին մնացեր է անկախ՝ մաս կազմելով Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին։

Արաբական կամ իսլամական նուաճումէն յետոյ (7-րդ դար) երեք եկեղեցական համայնքներուն գործածութեան մէջ մտած է արաբերէնը, գործածական լեզու ըլլալէ դադրած է յունարէնը (13-րդ դարէն), այնուհետեւ՝ ասորերէնը (17-րդ դարէն): 10-րդ եւ 12-րդ դարերուն Բիւզանդական կայսրութիւնը Արաբական խալիֆայութենէն կրկին շահած է, իսկ Խաչակրաց առաջին արշաւանքէն (1098) յետոյ այդտեղ հաստատուած է Կաթոլիկ եկեղեցին, որ մարոնիդներու եւ մելկիտներու եկեղեցական կազմակերպութեան հիմքին վրայ ժամանակի ընթացքին ստեղծած է սեփականը։ 12-րդ եւ 13-րդ դարերու Անտիոքի պատրիարքութեան համար անզիջում պայքարը վերջնականապէս աւարտին հասած է Կ․ Պոլսոյ աթոռի եւ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ։ Անտիոքի պատրիարքութեան տարածքներուն վրայ ստեղծուած են խաչակրաց Արեւելքի պետութիւնները (Եդեսիոյ Կոմսութիւն, Անտիոքի իշխանութիւն, Թրիփոլիի կոմսութիւն եւլն): Անտիոքի պատրիարքութեան տարածքին վրայ ձեւաւորուած է նաեւ Կիլիկիայի Հայկական Իշխանութիւնը (1198–1375 թուականներու թագաւորութիւն), իսկ պատրիարքութեան մէկ մասը մնացած է սելճուքներուն, ապա անցած՝ Եգիպտոսի մամլուքներու տիրապետութեան տակ (Հալէպ, Համա, Հոմս, Պաալպէք, Դամասկոս, Խառան եւն):

  • Հայոց Եկեղեցւոյ դերը

Հայ եկեղեցին անմասն չէ մնացած կաթոլիկ եւ արեւելքի միւս քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ միջ-եկեղեցական պայքարէն։ Հռոմկլայի կաթողիկոսարանի որոշ գործիչներ, Ներսէս Լամբրոնացիի ղեկավարութեամբ, արդէն 12-րդ դարու 70-ական թուականներուն նպատակ ունէին Կիլիկիոյ մէջ վերականգնեցնել ոչ միայն հայոց պետականութիւնը, այլեւ Հայոց կաթողիկոսի իշխանութիւնն ընդունելի դարձնել տարածաշրջանի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն՝ առաջարկելով Անտիոքի պատրիարքի իշխանութեամբ օժտել Հռոմկլայի հայոց կաթողիկոսները։ Այդ առաջարկը 1178-ի Հռոմկլայի ժողովին ներկայացուած էր բիւզանդական եկեղեցիին, իսկ արդէն 13-րդ դարուն շարք մը վաւերագիրներուն մէջ Հայոց կաթողիկոսը կ՚անուանեն նաեւ «Անտիոքի պատրիարք»:

  • Աստուածաբանական դպրոց

Անտիոքը, ընդհանրական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ յայտնի է նաեւ իր նշանաւոր աստուածաբանական դպրոցով: Այս դպրոցը Աստուածաշունչի մեկնաբանութեան մեթոտի եւ քրիստոսաբանական հարցերուն հակաճառութիւններու ու պայքարի մէջ եղած է Ալեքսանդրիոյ աստուածաբանական դպրոցին հետ: Ի տարբերութիւն Ալեքսանդրիոյ, Անտիոքի աստուածաբանական դպրոցը չէ ունեցած յատուկ կամ պաշտօնական ուսումնական հաստատութիւններ․ դպրոցը պաշտպանողները յաճախ շրջած են քաղաքներուն մէջ եւ քարոզած են իրենց ուսմունքը: Անտիոքը իր հելլենիստական հարուստ անցեալով միասին, անտիոքեան աստուածաբանական ուղղութեան մէջ մեծ տեղ գտած են բուն սեմական պատկերացումները ու աշխարհայեացքը, յատկապէս` ասորական հասարակութեան տեղական եւ պատմական առանձնայատկութիւնները։

  • Մրցակցութիւնը Ալեքսանդրիոյ հետ

Ընդհանրական եկեղեցւոյ պատմութիւնը ուղեկցուած է Անտիոքի եւ Ալեքսանդրիայի աստուածաբանական դպրոցներու պայքարով։ Քրիստոսաբանական տարբեր, հակադիր համակարգերը, Անտիոքի եւ Ալեքսանդրիոյ ուղղութիւններու բախումը նախապատրաստած են 4-րդ եւ 5րդ դարերու դաւանաբանութեան մեծ վէճերու։ Անտիոքի դպրոցի աստուածաբանները շեշտած են Յիսուս Քրիստոսի պատմական, մարդկային անձնաւորութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի մարդ ըլլալը։ Սամոսատի, այնուհետեւ Անտիոքի եպիսկոպոս (260–270) Պօղոս Սամոսատցին, որ կը համարուի Անտիոքի դպրոցի հիմնադիրը, կը քարոզէր թէ Քրիստոսը ծնած է իբրեւ մարդ եւ ապա լեցուած է Լոգոսով, այսինքն իրեն մէջ աստուածութեան երկրորդ անձը բնակուած է եւ կամքի միութեամբ ու սիրոյ մշտնջենականութեամբ մէկ դարձած՝ Աստուծոյ հետ։ Ինքը աւելի բարձր է, քան՝ մարդը, բայց աստուածացեր է իր բարոյական զարգացման եւ որդեգրութեան շնորհիւ։ Պօղոս Սամոսատցին առաջինն էր, որ յայտնած էր Քրիստոսի էութեան երկակիութեան գաղափարը։ Թէեւ 268 թուականի Անտիոքի եկեղեցական ժողովը մեղադրած եւ աթոռազրկած է Պօղոս Սամոսատցին, սակայն իր համախոհները, մասնաւորապէս Լուկիանոս Սամոսատցին, շարունակած են քարոզել իրենց ուսուցչի վարդապետութիւնը։ Անտիոքի դպրոցի ներկայացուցիչները, Քրիստոսի մէջ շեշտելով մարդը (Խոստովանեսցուք զոր ի մարդումն Աստուած), Քրիստոսը համարած են ամենակալ Աստուծոյ երկրպագակէն մարդ երկու բնութեամբ՝ Աստուած առանձին, մարդն առանձին, որոնք գոյութիւն ունին իրարմէ անջատ, մէկը՝ ճշմարտապէս բնութեամբ որդի, միւսը, շնորհիւ որդեգրութեան՝ Աստուած։ Մարդ Քրիստոսը բնակարան, տաճար եղած է աստուածայինի համար։ Անտիոքի եւ Ալեքսանդրիոյ քրիստոսաբանական տարբեր մեկնակէտերն արտայայտուած են հետեւեալ բանաձեւերով․ Մարդ, որն աստուածացեր է, Աստուածազգեստ մարդ (Անտիոքի դպրոց) եւ Ինքը Աստուածն է մարդ դարձեր, Մարդացեալ Աստուած (Ալեքսանդրիոյ դպրոց):

  • Առանձնայատկութիւններ

Եթէ Ալեքսանդրեան դպրոցին յատուկ էր նոր պղատոնականութիւնը եւ միսդիսիզմը, ապա անտիոքեան աստուածաբանութիւնն ունէր արիսթոթէլեան եւ պատմական ուղղուածութիւն։ Սուրբ Գիրքի մեկնութեան անտիոքեան պատմաքերականական մեթոտը հակադրուեր է ալեքսանդրեան այլաբանական մեթոտին։ Անտիոքի եկեղեցւոյ հայրերը խուսափած էին իրենց հատուածները դժուարամատչելի գաղափարներով ու արտայայտութիւններով ծանրաբեռնելէն։ Անտիոքցիները բառացիօրէն բացատրած են Աստուածաշունչի դժուար ըմբռնելի տեղերը՝ ընթերցողին հասկնալի դարձնելու նպատակով։ Անտիոքի դպրոցին մէջ գերիշխած է զգաստ, տրամաբանական մտածողութիւնը։ Անտիոքեան աստուածաբանները կրօնագիտութեան միակ չափանիշ համարած են տրամաբանութիւնը, ձգտեր են իրենց դաւանած տեսութիւնները անցընել մաքուր տրամաբանութեան ճամբով, յաճախ տապալելով չոր բանական փիլիսոփայական (ռասիոնալիզմ) ծայրայեղութիւններու մէջ։ Անտիոքի ուղղութիւնը թէեւ լիովին չէ մերժած այլաբանութիւնը, սակայն գերադասած է պատմ․ մեթոտը եւ խստօրէն քննադատած՝ Հին եւ Նոր Կտակարաններու կամայական զուգորդումները։ Ըստ անտիոքցիներու, իսկական այլաբանական միտքը (որ օգտագործած են ալեքսանդրիացիները) խօսքերու մէջ չէ, այլ՝ խօսքերով արտայայտուած իրականութեան, անձերու եւ դէպքերու մէջ։ Անտիոքի դպրոցի շարք մը ներկայացուցիչներ (Յովհան Ոսկեբերան, Թէոտորիդ), հաւատարիմ մնալով անտիոքեան մեկնաբանութեան սկզբունքներուն, իւրացուցած են նաեւ Ալեքսանդրեան դպրոցի լաւագոյն կողմերը եւ տուած գիտական մեկնութիւններու օրինակներ, որոնք ուղղափառ մեկնաբանութեան լաւագոյն նմուշներն են։ Այդ իմաստով անոնց աշխատութիւնները այսօր նշանակալի արժէք ունին Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրողներու համար։ Հայ եկեղեցին, դաւանութեան մէջ ըլլալով Ալեքսանդրեան դպրոցի հետեւորդ, Աստուածաշունչի մեկնութեան մեթոտի համամիտ էր Անտիոքի դպրոցին՝ հետեւելով յատկապէս Յովհան Ոսկեբերանին:

Ի տարբերութիւն Ալեքսանդրիայի դպրոցի, անտիոքցիները, իրարմէ անջատելով Քրիստոսի երկու բնութիւնները, յանձին Յիսուսը տեսած են մէկ մարդու, որ ծնած է մշտնջենական Բանէն (Լոգոս) եւ իրեն անբաժանելի մասն է։ Անով պայմանաւորուած է այն հանգամանքը, որ անոնք ծիսակատարութիւններէն եւ իրենց աստուածաբանական գրականութենէն դուրս թողած են Որդի բառը։ Ըստ Անտիոքի աստուածաբանութեան, աստուածային Բանն ընտրած է Յիսուսը որպէս իրեն գործիք, որ սակայն զարգացած է զուտ մարդկային բարոյական ուղիով։ Ան համարուած է Աստուծոյ մօտենալու հիմնական ճանապարհը եւ այդ ամէնը յարգանք արթնցուցած է մաքուր եւ անարատ դառնալու մարդկային ձգտումներու ու ճիգերու հանդէպ։ Այդ գաղափարներու տրամաբանական շարունակութիւնը եղած է ազատ ընտրութեան վերաբերեալ պելագիականներու ուսմունքը, որ իր հերթին մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Նեստորի վարդապետութեան վրայ (Նեստորականութիւն): Նեստորականութիւնը Անտիոքի աստուածաբանական դպրոցի զարգացման վերջին փուլն էր։ Անտիոքի դպրոցի աստուածաբանութեան որոշ սկզբունքներ ինկած էին Լեւոնի տոմարի եւ Քաղկեդոնի ժողովի քրիստոսաբանական համակարգերու հիմքին վրայ։ 4-րդ դարու վերջին քառորդէն մինչեւ 5-րդ դարու կէսը եղած է Անտիոքի եւ Ալեքսանդրիայի դպրոցներու ծաղկման շրջանը։ Թէեւ 4-րդ դարուն Անտիոքի դպրոցը տուած է արիոսական եւ արիոսականութեան հարող աստուածաբաններ (Եւսեբիոս Նիկոմեդացի, Նումերիոս, Եւսեբիոս Եմեսացի, Այետիոս Անտիոքացի, Եւնոմիոս Անտիոքացի եւ ուրիշներ), որոնք գրած են նաեւ Լուկիանոս Սամոսատցիի ազդեցութիւնը, սակայն ունեցած է նաեւ իր ուղղափառ գործիչները։ Եւստաթէոս Անտիոքացին արիոսականութիւնը դատապարտողներէն առաջինն էր, իսկ Յովհան Ոսկեբերանը հռչակուած էր Ընդհանրական եկեղեցւոյ սուրբ հայրերէն։ Անտիոքի դպրոցի 4-րդ եւ 5-րդ նշանաւոր աստուածաբաններէն էին նաեւ Դիոդորոս Տարսոնացին, Թէոդորոս Մոպսուեստացին, Թէոդորետ Կիւրոսցին եւ ուրիշներ։ Անտիոքի, ինչպէս նաեւ Ալեքսանդրիայի, Աթէնքի աստուածաբանական դպրոցները փակուած են 6-րդ դարուն՝ բիւզանդական Յուստինիանոս ԱՅ կայսրի օրով։

  • Տեր-Մինասյան Ե․, Ընդհանուր եկեղեցական պատմութիւն, Էջմիածին, 1908:
  • Սագարդա Ն․, Յոյն-Արեւելքի հին եկեղեցական աստուածաբանական գիտութիւնը իւր ծաղկման շրջանում, Էջմիածին, 1910:
  • Grillmeier A․, Christ in Christian Tradition, v․ 1–2, 1975․
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։