Անրի Թրուայա
Անրի Թրուայա (Լեւոն Թորոսեան, 1 Նոյեմբեր 1911[http://www.imdb.com/name/nm0873935/_Person_Profile]_//_Internet_Movie_Database
Անրի Թրուայա (Լեւոն Թորոսեան, 1 Նոյեմբեր 1911(1911-11-01)[http://www.imdb.com/name/nm0873935/_Person_Profile]_//_Internet_Movie_Database
Ծնած է Մոսկուա։ Արմաւիրի չերքէզահայ Թարասովներու տոհմէն սերած է, ռուսահայ ընտանիքի մը զաւակն էր։ Հայրը՝ Թսլան Թարասով, առեւտրական կեանքէ ներս առաջատար դէմք մը եղած էր։
1918 թուականին ընտանիքի հետ գաղթած է Ռուսաստանէն, իսկ 1920 թուականէն հաստատուած է Ֆրանսա։ Անրի ստացած է իրաւաբանական կրթութիւն։
Գրական իր սկզբնական քայլերէն իսկ ան հրապարակ եկած է Անրի Թրուայա գրչանունով եւ ֆրանսերէնով։ Ուսման եւ ապրուստի ապահովման աշխատանքի կողքին, զբաղած է գրական ստեղծագործութեամբ։ Այդ շրջանի Թրուայայի պատմուածքներն ու վիպակները շատ արագ ժողովրդականութիւն գտած են եւ հեղինակին արժանացուցած՝ 27 տարեկանին, գրական հեղինակաւոր «Կոնքուրի մրցանակ»ին։
Այդ մրցանակէն ետք Թրուայա ամբողջապէս նուիրուած է գրական ստեղծագործութեան եւ պատմական հետազօտութեանց։
1959-ին՝ արդէն հանրայայտ գրող, Անրի Թրուայա ընտրուած է Ֆրանսայի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի անդամ եւ իր արժանի տեղը գրաւած՝ «40 Անմահներու» փաղանգին մէջ[8][9][10]:
Աւելի քան 70ամեայ իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին Թրուայա հեղինակ դարձած է 100-է աւելի վէպերու, վիպակներու, նորավէպերու, յուշագրութիւններու, պատմավէպերու, կենսագրական վէպերու, պատմական ու գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու, որոնց մեծ մասը կը համարուի համաշխարհային գրականութեան մնայուն արժէքներ[11]: