Ծնած է հաւանաբար 6 Յունուար1412-ին՝ Ֆրանսայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Տոմրեմի գիւղին մէջ՝ ունեւոր գիւղացիներու ընտանիքին մէջ։ Օժտուած էր սուր մտքով, ողջախոհութեամբ եւ, միաժամանակ, ոգեւորելու ընդունակութեամբ, սակայն կրթութիւն չէ ստացած։ Մանկութենէն ականատես եղած է Հարիւրամեայ պատերազմի ռազմական գործողութիւններու, քանի որ անգլիական եւ պուրկունտական զօրքերը յաճախ կ'ասպատակէին Տոմրեմիի շուրջ ինկած տարածքները։ 13 տարեկանէն Ժաննը լսած է «ձայներ» եւ տեսիլքներ ունեցած է, որոնց մէջ իրեն կը յայտնուէին սուրբեր եւ հրեշտակներ։ Մոլեռանդ կրօնապաշտ Ժանն տ’Արքը հաւատացած է, որ իրեն նախասահմանուած ազատագրած է Ֆրանսան։ 1428-ին անգլո-պուրկունտական միացեալ զօրքը պաշարեց Օրլեան քաղաքը։ Ֆրանսայի գահի թագաժառանգ Շառլը փակուած էր Շինոնի ամրոցին մէջ եւ գրեթէ ոչինչ կը ձեռնարկէր իր թագաւորական լիազօրութիւններու հաստատման համար։ Նոյն ժամանակամիջոցին Ժաննը կը սկսի հաւատալ, որ իրեն երեւացող տեսիլքները կը հրամայեն իրեն երթալ Օրլեան եւ թոթափել պաշարումը։ Ժաննը կը դիմէ տեղական թագաւորական զօրքերու հրամանատար Ռոպեր տը Պոտրիկուրին՝ համոզելով իրեն տրամադրել պահակազօրք, որ կ'ուղեկցի իրեն թագաժառանգի մօտ։ 6 Մարտ1429-ին կը կայանայ Ժաննի եւ թագաժառանգի հանդիպումը։ Սկիզբը Ժաննին կասկածով կ'ընդունին, սակայն քիչ ժամանակ ետք Շառլը կը հաւատայ, որ ան ուղարկուած է Աստուծոյ կողմէ։ 1429 Ապրիլին թագաժառանգի կողմէ տրամադրուած զօրքով Ժաննը կը շարժի Օրլեան եւ յամառ մարտերու արդիւնքով 8 Մայիս1429-ին կը քակէ պաշարման օղակը: Իր ղեկավարութեամբ ֆրանսական զօրքերը կը հասնին շարք մը յաղթանակներու՝ Յունիսի վերջը շարժելով դէպի հիւսիս։ Ժաննի եւ զօրքերու ուղեկցութեամբ Շառլը կը մտնէ Ռէյմս քաղաք, որուն տաճարին մէջ 17 Յուլիս1429-ին կը կայանայ Շառլի թագադրութեան արարողութիւնը։ Ան գահ կը բարձրանայ Շառլ Է. անունով։
Ժողովրդավարական պատերազմի ծաւալը եւ Ժանն տ’Արքի լայն ժողովրդականութիւնը վախցուցած են թագաւորը եւ ազնուականութիւնը։ Ժաննը կը շարունակէ ղեկավարել անգլիացիներու դէմ ռազմական գործողութիւնները մինչեւ 23 Մայիս1430, երբ անգլիացիներու դաշնակից պուրկունտացիները անոր գերի կը վերցնեն եւ կը փոխանցեն անգլիացիներուն 10 հազար լիւր գումարի դիմաց։ Անգլիացիները կը մեղադրեն անոր վհուկութեան եւ հերետիկոսութեան մէջ։ Ռուան քաղաքի եկեղեցականներէն կազմուած ատեանը կանխատեսելի դատավճիռ կ'ընդունի։ Ժանն տ'Արքը մեղաւոր կը ճանչցուի՝ սկիզբը դատապարտուելով ցկեանս բանտարկութեան, այնուհետեւ՝ մահապատիժի։ 30 Մայիս1431-ին զայն կ'այրեն Ռուանի Հին շուկայի հրապարակին վրայ։ Կ'այրեն անոր ողջ մարմինը, սակայն չ'այրիր անոր սիրտը։
Շառլ Է.ն սակայն կը կարողանայ զարգացնել Ժանն տ'Արքի յաջողութիւնները։ 1435-ին նա անջատ հաշտութիւն կը կնքէ պուրկունտացիներու հետ, կ'իրականացնէ բանակի եւ պետական եկամուտի վերակազմակերպում, որմէ ետք կը վերսկսի Անգլիոյ դէմ պատերազմը, որուն արդիւնքով արդէն 1453-ին անգլիացիները կը զրկուին Ֆրանսայի տարածքին իրենց բոլոր տիրոյթներէն, բացի Կալէ նաւահանգիստէն։ Ատկէ ետք Շառլը կը նախաձեռնէ Ժանն տ'Արքի վարկի եւ հեղինակութեան վերականգնման ուղղուած միջոցառումներ։ 1455-ին Ռուանի մէջ կը գումարուի նոր եկեղեցական ատեան, որ կը բեկանէ դատավճիռը՝ մաքրելով Օրլեանի կոյսին բոլոր մեղադրանքներէն։ Ֆրանսայի մէջ Ժանն տ'Արքի պաշտամունքի սկիզբ կը դրուի։ 1909-ին Կոյսը եկեղեցւոյ կողմէ կը ճանչցուի երանելի, իսկ 16 Մայիս1920-ին՝ կը դասուի սուրբերու շարքին։