Գլաուտիոս Կոթացի կայսրին օրով զօրահրամանատար էր, Գլաուտիոսի մահէն ետք 270 բանակի կողմէն կը հռչակուի կայսր։ Ծերակոյտինը անմիջապէս կը ճանչնայ Աւրելիանոսի լիազօրութիւնները։
Աւրելիանոսի կառավարումը նշանաւոր եղած է շարք մը փայլուն յաղթանակներով: Ան ետ մղած է կայսրութեան Տանիւպեան սահմանի վրայ բարբարոսներու յարձակումները, ճնշած է Եգիպտոսի մէջ բռնկած ապստամբութիւնը եւ նորէն միացուցած է Կալլիան Հռոմէական կայսրութեանը։ Արեւելքի մէջ Աւրելիանոսը երկու կայծակնային ռազմարշաւներու, իբրեւ արդիւնք ջախջախած է Փալմիրայի տէրութիւնը՝ գերի վերցնելով անոր նշանաւոր թագուհին՝ Զենոբիան։ Բացի այս իրագործումներէն Հռոմ քաղաքը արտաքին թշնամիներու յարձակումներէն պաշտպանելու նպատակով Աւրելիանոսը շրջապատած է զայն 19.3 քմ. երկարութիւն ունեցող հզօր պարիսպներով։
Բարեփոխած է ֆինանսական համակարգը՝ վերականգնելով հռոմէական դրամի արժէքը։ Պետական կրօն հռչակած է Արեւի պաշտամունքը՝ հալածանքներ ծաւալելով քրիստոնեաներու դէմ։
Սպաննուած է՝ պալատական դաւադրութեան իբրեւ արդիւնք։