Կիւսթաւ լը Պոն
Կիւսթաւ լը Պոն (7 Մայիս 1841
Կիւսթաւ լը Պոն (7 Մայիս 1841(1841-05-07)
Ծնած է Ֆրանսայի Նոժան լը Ռոթրու քաղաքը։
Սորված է բժշկութիւն, այնուհետեւ 1860-1880 թուականներուն ճամբորդած է Եւրոպա, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Ասիա։
Կիւսթաւ լը Պոն «Ամբոխներու հոգեբանութիւնը» գիրքը իր տեսակին մէջ առաջիններէն է, ուր հեղինակը փորձած է տեսականօրէն հիմնաւորել «ամբոխներու դարաշրջանի» յարձակումը ու անոր հետ կապել մշակոյթի ընդհանուր անկումը։
Այն ամբոխները, որոնք դիւրութեամբ կրնան շահարկուիլ, գործել պարզունակ ու նախնական բնազդներով եւ հակած են զայրոյթով վարուելու՝ վտանգ կը սպառնան ժամանակակից աշխարհին։ Ամբոխի մէջ կորսուած անհատներ կը կորսնցնեն իրենց դատողութիւնը, կը մղուին գրեթէ «բարբարոսական» զգացումներու եւ այդ կործանարար ուժի վերահսկողութիւնը կը կազմէ երկիրներու հիմքը[8]։
Լը Պոն կը խօսի նաեւ ամբոխի մը համար առաջնորդի եւ անոր ունենալիք յատկութիւններու կարեւորութեան մասին։ Ըստ իրեն, առաջնորդ մը, որ կը գիտակցի զանգուածներու ոգիին, շատ պարզօրէն կրնայ զանոնք «քաշել» իր ուզած ուղղութեան։ Այս պատճառով է, որ հրատարակութենէն մինչեւ այսօր, տարբեր ժամանակաշրջաններու, եղած է բազում քաղաքական գործիչներու ամենասիրած գիրքերէն մէկը։ Արդարեւ, «Ամբոխներու հոգեբանութիւնը» հասկնալը թերեւս աւելի կարեւոր է ներկայիս, երբ ժողովրդական շարժումները վերելք կ՚ապրին։ Ամերիկացի ընկերաբան Նիըլ Սմելզըր գրած է, որ հակառակ քննադատութիւններու՝ Լը Պոնի մտքերը հետաքրքրական են։