Svoboda | Graniru | BBC Russia | Golosameriki | Facebook
Jump to content

Հին Յունաստանի Երաժշտութիւնը

Հին Յունաստանի երաժշտութիւնը, հին յոյները երաժշտութեան ծագումը կը վերագրէին աստուածներուն եւ «Musike» բառով, որ ունի յունական ծագում, կ'անուանէին մուսաները, որոնք կը հովանաւորէին արուեստները եւ գիտութիւնը:

Հին Յունաստանի մէջ երաժշտութիւնը անբաժանելի  մաս կը կազմէր առօրեայ կեանքին, տօնախմբութիւններուն, կրօնական պաշտամունքին եւ մարմնամարզական մրցոյթներուն: Երաժշտութիւնը կարեւոր դեր ունէր նաեւ պատանիներու դաստիարակութեան մէջ:

Հին Յունաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած են երգիչներու, նուագողներու եւ պարողներու յատուկ խումբեր, որոնք միաւորած են երգը, բանաստեղծութիւնը, նուագակցութիւնը եւ երգչախմբային միաձայն երգեցողութիւնը: Ըստ աւանդութեան խմբերգեցողութիւնը սկզբնաւորուած է Կրետէ կղզիին մէջ: Նուագարաններէն յայտնի եղաշ են քնարը, տաւիղը, սրինգը, մետաղէ շեփորը, Aulos (փչողական նուագարան), Kitara (լարային կսմիթային նուագարան):

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, 2017, Պէյրութ։