Ճոն Պոլթըն
Ճոն Պոլթըն (20 Նոյեմբեր 1948[http://www.imdb.com/name/nm1931291/_Person_Profile]_//_Internet_Movie_Database
Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծնած է Մերիլենտ նահանգը: Բարձր ուսումը ստացած է «Yale» համալսարանէն։ 1970-ին, Պսակաւոր արուեստից վկայականով, ապա՝ «Yale Law School»-էն, 1974-ին, «Juris Doctor» աստիճանին տիրանալով (Իրաւագիտութեան թեկնածութիւն):
Երկար տարիներով բարձր պաշտօններ վարած է եւ ակնառու դիրքերու հասած. ան իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ շատ մը որոշումներու վրայ, որոնցմէ է ներկայ տագնապը Իրանի հետ:
Իրաւաբան եւ քաղաքական վերլուծաբան Ճոն Պոլթըն նաեւ փորձառու դիւանագէտ է: Հանրապետական նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերի օրօք՝ 2005-2006 թուականներուն, ան զբաղեցուցած է ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանի պաշտօնը:[5]
Ճոն Պոլթըն նկատուած է Ամերիկայի քաղաքագէտներէն ամենայարձակողական բազէն՝ իր կոշտ, բծախնդիր եւ ռազմատենչ անհատականութեամբ:
Ան յայտնի չէ իբրեւ ազնիւ դիւանագէտ: Հետեւաբար, Հայաստան կատարած իր այցելութենէն կարելի չէ անպայման լաւ բան ակնկալել[6]: