Միլանօ կամ աւանդական տառադարձութեամբ՝ Միդուլէ (իտալ.՝ Milano, լոմբ.՝ Milan, լատիներէն՝ Mediolanum - «հարթավայրի կեդրոնին մէջ»),Իտալիոյ երկրորդ խոշորագոյն քաղաքն է, հիւսիսային Իտալիոյ գլխաւոր քաղաքը, Լոմպարտիա տարածաշրջանի վարչական կեդրոնը։ Կը զբաղեցնէ 182 քառ. ք․մ․ տարածք, բնակչութեան թիւը՝ շուրջ 1,3 մլն․ մարդ, մինչդեռ արուարձաններով հանդերձ շուրջ 5,2 միլիոն մարդ, Եւրոպայի հինգերորդ խոշոր քաղաքը։[3] Միլանօն նորաձեւութեան համաշխարհային կեդրոններէն մէկն է։ Քաղաքին մէջ կը գտնուի «Լա Սքալա» օփերային թատրոնը։