-4">[4],
Կոստանդնուպոլիս),
հայազգի զօրավար, պետական գործիչ, Բիւզանդիոնի
կայսր՝ 969-976 թուականներուն։ Ծագումով
հայ։ Ըստ
Մատթէոս Ուռհայեցիի տուեալներուն՝ ծնած է ներկայիս Տերսիմ նահանգի Չմշկածագ աւանին մէջ
[5]։ 949-ին մասնակցած է
Կարինի գրաւման։ Իր քեռիին
Նիքիֆորոս Բ. Ֆոքաս կայսրին կողմէ նշանակուած է արեւելեան զօրքերու սպարապետ, մեծ ճակատամարտին ջախջախած
արաբները։ 969-ին կայսրուհի Թէոփանոյի օգնութեամբ սպաննած է կայսրը եւ գրաւած գահը։ 971-ին պարտութեան մատնած է
Թրակիա ներխուժած ռուս իշխան
Սվիատոսլավը եւ Պուլկարիոյ հիւսիսարեւելեան մասը կցած կայսրութեան։ 972-ին, դաշինք կնքելով Հռոմէական սրբազան կայսրութեան հետ, արշաւած է արաբներուն դեմ, գրաւած
Մարտիրուպոլիսը,
Մծբինը, Հիւսիսային
Միջագետքը, 974-975 թուականներուն՝ Էմեսսան (
Հոմս),
Պաալպէքը, մտած
Պաղեստին եւ
Լիբանան։
Արաբական խալիֆայութեան դէմ պատերազմներու ատեն փորձած է գրաւել Բագրատունեաց Հայաստանի կարգ մը շրջաններ, բայց Հայոց թագաւոր Աշոտ Գ. Ողորմած 80 հազարնոց բանակով շարժած է ընդառաջ եւ երկու միապետներուն միջեւ հաշտութիւն կնքած։
_1-1">1,1
Faceted Application of Subject Terminology
↑ ''(unspecified_title)''