Նիւրնպերկ (գերմ.՝ Nürnberg), քաղաք Գերմանիոյ մէջ։ Տեղակայուած է Պաւարիոյ կեդրոնական մասին մէջ, Փեկնիթզ (Pegnitz River) գետի մօտ[3][4]։
Քանի մը վարկած կայ, թէ ուրկէ յառաջացած է Նիւրնպերկ անունը։ Ամէնէն տարածուած վարկածը այն է, որ այդ անունը յառաջացած է «nor» բառէն, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «քարքարոտ ժայռ»։
Նիւրնպերկը նշանաւոր է Խաղալիքներու թանգարանով։ Միջնադարուն Նիւրնպերկ քաղաքը կը համարուէր խաղալիքներու արտադրութեան կեդրոնը։
Նիւրնպերկ քաղաքը նշանաւոր է նաեւ իբրեւ Ատոլֆ Հիթլերին ամէնէն սիրելի վայրերէն մէկը։
Նիւրնպերկի կարեւոր իւրայատկութիւններէն է նաեւ Ս. Ծննդեան շուկան։
Քաղաքին կեդրոնական հրապարակները կը լեցուին բազմաթիւ առեւտրականներով ու կրպակներով, եւ այդ տօնակատարութիւնը կը տեւէ 3-4 շաբաթ՝ մինչև Ս. Ծնունդ։ Այդ ընթացքին Նիւրնպերկ կ'այցելէ աւելի քան 2 միլիոն զբօսաշրջիկ։
8 Դեկտեմբեր 1835--ին Նիւրնպերկէն Ֆյուրտ երկաթուղիով կը շարժի Գերմանիոյ առաջին գնացքը։