Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ
Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ պարս․՝ خواجه شمسالدین محمد حافظ شیرازی | |
---|---|
| |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | حافظ |
Ծնած է |
1325[http://larousse.fr/encyclopedie/litterature/Hafez/173793_Encyclopédie_Larousse_en_ligne] |
Ծննդավայր | Շիրազ, Muzaffarids of Iran |
Մահացած է | ոչ վաղ քան 1389 եւ ոչ ուշ քան 1390 |
Մահուան վայր | Շիրազ, Թիմուրեաններու պետութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
Muzaffarids of Iran Թիմուրեաններու պետութիւն |
Մայրենի լեզու | Պարսկերէն |
Կրօնք | Իսլամութիւն, Սիւննի եւ սուֆիզմ? |
Ազդուած է | Ibn Arabi?, Sanai?, Anvari?, Նիզամի Գյանջևի?, Խաքանի Շիրվանի?, Աթթար? եւ Mansur Al-Hallaj? |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Հաֆէզի Ժողովածոն |
Տեսակ | Քնարերգական Սեռ |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, երգերու հեղինակ, գրագէտ |
Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ կամ Հաֆէզ Շիրազեցի (պարս․՝ خواجه شمسالدین محمد حافظ شیرازی,1325[http://larousse.fr/encyclopedie/litterature/Hafez/173793_Encyclopédie_Larousse_en_ligne]
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Իրանի Շիրազ քաղաքը: Անոր ծննդեան ստոյգ թուականը յայտնի չէ: Այդ մասին ուսումնասիրողները տարբեր կարծիքներ յայտնած են:
Հաֆեզ ամուսնացած է եւ ունեցած` երկու որդիներ, որոնցմէ մէկը մահացած է 24 Դեկտեմբերի 1362-ին:
Հաֆեզը կեանքին մէջ միայն մէկ անգամ դուրս եկած է Շիրազէն եւ գացած է Եազտ քաղաք, բայց շատ կարճ ժամանակ ետք վերադարձած է Շիրազ:
Անգամ մըն ալ հրաւիրուած է Հնդկաստանի թագաւորին կողմէ, բայց հրաժարած է, որովհետեւ ճանապարհորդութիւնը ծովով պիտի ըլլար: Այս առիթներով Հաֆեզը գրած է ղազալներ, որոնք հետագային հիմք հանդիսացան անոր կենսագրութեան վերաբերող աւանդապատումներու:
Ըստ այդ աւանդապատումներէն մէկուն, Հաֆեզի հայրը` Պահաաուտտինը, իսկ, այլոց ըսածին համաձայն, Շամսուտտին, սպահանցի էր, երիտասարդ ժամանակ տեղափոխուած է Շիրազ եւ զբաղած` առեւտուրով:
Մահանալէն ետք ժառանգ ձգած է բաւական մեծ հարստութիւն, բայց աւագ որդիները ամբողջը վատնելով` Հաֆեզն ու իրենց մայրը կը ձգեն աղքատութեան մէջ:
Հօրը մահէն ետք Հաֆեզի մտած է փուռ` աշխատանքի: Ըստ աւանդութեան, փուռ մտնելով` ան իր ձեռք բերած դրամը բաժնած է երեք մասի. մէկ մասը տուած է մօրը, մէկ մասը իր ուսուցիչին` իբրեւ ուսման վարձ, իսկ երրորդ մասը` աղքատներուն:
Փուռին մէջ Հաֆեզը ստացած է նախնական կրթութիւն, ուր գոց սորված է «Ղուրան»ը եւ ժամանակակիցներուն կողմէն ստացած է «Հաֆեզ» (սորված) անունը[6][7]։
Այն փուռը, ուր աշխատած է Հաֆեզ, եղած է Շիրազի բանաստեղծներու հաւաքատեղին: Այդտեղ բանաստեղծները կը վիճէին գրականութեան զանազան հարցերու շուրջ եւ կը կարդային իրենց ստեղծագործութիւնները:
Երիտասարդ Հաֆեզը այս «ակումբ»-ին մէջ կարդաղած է իր անդրանիկ ստեղծագործութիւնները, որոնք չափի եւ կշռոյթի տեսակետէն տակաւին թոյլ էին, ուստի բանաստեղծներուն կողմէ ենթարկուած են սուր ծաղրի:
Ան բանաստեղծի համբաւ ձեռք բերած է միայն 14-րդ դարու քառասունական թուականներէն ետք` շէյխ Ապու Իսհաքի թագաւորութեան ժամանակաշրջանին, մոնկոլական բռնատիրապետութեան ատեն:
Հաֆեզի եւ Լենկ Թիմուրի աւանդապատումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւանդապատումը կը խօսի մեծ բանաստեղծին կեանքին վերջին տարիներուն պատահած դէպքերէն մէկուն մասին` կապուած Լենկ Թիմուրի հետ:
1387 թուականին Կաղ Թիմուրը արշաւած է Շիրազի վրայ ու գրաւած է զայն: Երբ բռնակալը քաղաք կը մտած է, անոր մօտ բերած են աղքատի հագուստներ հագած ծերունի Հաֆեզը, անոնց խօսակցութեան ժամանակ Հաֆեզը իր ղազալներէն երկտող մը արտասանած է։ Լենկ Թիմուր հաւնած է Հաֆեզին սրամտութիւնը եւ ներած է զինք[8]:
Թաղումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրօնաւորները Հաֆեզը անհաւատ կը համարէին, որովհետեւ անիկա իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ծաղրանքի ենթարկած է զիրենք, ուստի զայն կարելի չէր թաղել մահմետականներուն հետ նոյն գերեզմանոցին մէջ:
Այդ պատճառով ժամանակակիցները առաջարկած են միջնադարեան սովորութիւն մը` վիճակ քաշել:
Հաֆեզի ղազալներէն կը քաղեն առանձին կտորներ եւ կը նետէն սափորի մէջ: Փոքրիկ մը սափորին մէջէն կը հանէ հետեւեալ տունը/ պէյթը.
Հաֆեզը կը թաղեն Ռուքնապատ (Մուսալլայի) գետի ափին վարդերու պարտէզին մէջ։