Շինզոյ Ապէ
Շինզոյ Ապէ (21 Սեպտեմբեր 1954
Շինզոյ Ապէ (21 Սեպտեմբեր 1954(1954-09-21)
2006-ին Ապէն դարձաւ երկրի 90րդ, Ճափոնի ամէնաերիտասարդ եւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն յետոյ ծնուած առաջին վարչապետը։
Ծնած է Նակաթոյ, քաղաքական անցեալով ընտանիքին մէջ։ Պապը՝ Քան Ապէն եւ արտգործնախարար աշխատած հայրը՝ Շինթարոյ Ապէն քաղաքական գործիչներ եղած են։ Ապէի մայրը՝ Եոքոյ Քիշին[19] 1957-էն մինչեւ 1960-ը Ճափոնի վարչապետ եղած Նոպուսուքէ Քիշիի դուստրն է։
1977-ին աւարտած է Սէյքէյի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը եւ սովորելով անգլերէն, ընդունած է ԱՄՆ-ու Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը։ 1979-ին Ճափոն վերադարձած է եւ պողպատաձուլական գործատունէն ներս աշխատանքի անցած է, որտեղ աշխատած է երեք տարի։ Քաղաքական գործունէութիւնն սկսած է 1982-ին, դառնալով արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնն զբաղեցնող իր հօր՝ Շինթարոյ Ապէի քարտուղարը[20]։ 1993-ին դարձաւ Ճափոնի խորհրդարանի պատգամաւոր։ 2000 թուականէն աշխատած է Եոշիրոյ Մորիի եւ Ճունիչիրոյ Քոյզումիի կառավարութիւններու կազմերին։
Ամուսնացած է Աքիէ Մացուզաքիի հետ, 1987-ին, որ նախկինի մէջ ռատիոյ հաղորդավար էր, դուստրն է տուրմէ արտադրողի: Հանրութեան մէջ այտնի է «Ընտանիքի ընդդիմադիր կուսակցութիւն» անունով:[21] Զաւակներ չունեն[22]
|