Svoboda | Graniru | BBC Russia | Golosameriki | Facebook
Jump to content

Պանան

Պանանը սննդարար պտուղ մըն է:

Անոր հայրենիքը կը համարուի Հարաւ-արեւելեան Ասիան, ուր առաջին անգամ յայտնուած է Ք.Ա. 19-րդ դարուն: Ներկայիս, անիկա կը մշակուի բոլոր մերձարեւադարձային գօտիներու աւելի քան 107 երկիրներու մէջ։

Ադամաթզենիի ընտանիքէն՝ երկարաւուն եւ կորաւուն պտուղ։

Հասուն վիճակին մէջ, կրնայ տարբեր գոյներով ըլլալ՝ կարմիր, մանիշակագոյն եւ դեղին։

Սովորաբար «պանան» ըսելով նկատի կ'ունենան այսպէս կոչուած «սեղանի պանանը», որ դեղին է, մեծ՝ շուրջ 20 սմ. երկարութեամբ եւ 3 սմ. հաստութեամբ։ Կը գործածուի նաեւ՝ «խոհանոցային Պանան» անուանումը, որ կը վերաբերի «Musa cultivars» տեսակի՝ կանաչաւուն եւ ոսլայ պարունակող պտուղին:

Պանանի թուփը սովորաբար ունի 5-6 մ., երբեմն՝ մինչեւ 15 մ. բարձրութիւն։ Կը ծաղկի եւ կը պտղաբերէ տարին մէկ անգամ, որմէ ետք բունը կը չորնայ, իսկ նոր ընձիւղները կ'աճին կոճղարմատներէն։

Պտուղները երեք երկայնակի կողերով եւ երկարաւուն մանգաղանման են։ Անոնք 10-12 հատով կը կազմեն ողկոյզներ։ Ցօղունին վրայ 6-12 ողկոյզներ կը յառաջացնեն մինչեւ 50 քկ. զանգուածով պտղաբոյլ։

Պանանը կը պարունակէ «Էյ», «Պի» 1, «Փի» եւ «Սի» կենսանիւթեր, փոթասիոմ, քալսիում, երկաթ եւ մակնեզիոմ, հարուստ է բնաթելերով: Պանանը կը պարունակէ նաեւ նկատելի քանակութեամբ շաքար, ֆոսֆոր եւ հանքային աղեր, այսինքն՝ մարդկային մարմինին անհրաժեշտ գրեթէ բոլոր նիւթերը: Հասուն պանանը կը պարունակէ մինչեւ 18% ոսլայ, որ պտուղին լրիւ հասուննալու ընթացքին, կը փոխակերպուի շաքարի, ոսլային քանակը կը նուազի մինչեւ 2%, իսկ շաքարինը կը հասնի շուրջ 19%-ի։

Պանանը կարելի չէ պահել 10օC-էն ցած ջերմաստիճանի մէջ, որովհետեւ վրան կը յառաջանան մութ գոյնի կէտեր, որմէ ետք կը փճանայ։

Պանան

Պանանին ամէնէն բարձր տեսակը Musa itinerans-ն է, որուն տարատեսակներէն մէկուն՝ Musa itinerans var. gigantea բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ 12 մ.-ի[1]։ Գլխաւոր ցօղունին շուրջը կը ձեւաւորուին բազմաթիւ կողմնակի ընձիւղներ, որոնցմէ յաջորդը կը փոխարինէ նախորդին՝ այսպիսով իրականացնելով բազմացումը։

Արմատները բազմաթիւ են, թելաւոր. պարարտ հողին մէջ, կ'ունենան 4.9 մ. տարածքին մէջ եւ մինչեւ 1.5 մ. երկարութիւն[2][3][4][2]։

Տերեւները մեծ են, փափուկ, հարթ, երկարաւուն կամ հաւկթաձեւ, զուգահեռաջիղ, պարուրաձեւ դասաւորուած։ Տերեւապատեանները փաթթուելով կը յառաջանան ամուր, բազմաշերտ հաստ խողովակներ, որոնք կը կոչուին կեղծ ցօղուններ։

Լաւ եղանակային պայմաններուն, մէկ տերեւը կ'իյնայ շուրջ մէկ շաբթուան մէջ։ Մշակուած պանանին տերեւները ունի 275 սմ. երկարութիւն եւ 60 սմ. լայնք[5], կրնան ըլլալ ամբողջութեամբ կանաչ, կանաչ՝ մութ կարմիր հետքերով, կամ կանաչ՝ վերին եւ մանիշակագոյն՝ ստորին մակերեսը։ Ուժեղ քամիէն կամ փոթորիկէն տերեւները դիւրութեամբ կը պատռուին ջիղերու երկայնքով. անիկա կ'օգնէ բոյսերուն գոյատեւել արեւադարձային կլիմային մէջ։ Պանանի ծաղկման սկիզբը, կարճ ցօղունի գագաթին կը ձեւաւորուին երկար ծաղկակիրը, որ կեղծ ցօղունով տերեւներու հետ դուրս կու գայ արտաքին միջավայր։

Musa acuminata-ի ծաղկաբոյլը

Ծաղկումը տեղի կ՚ունենայ բոյսի աշխուժ աճէն 8-10 ամիս ետք։ Ծաղկաբոյլը ողկոյզ է, կը յիշեցնէ երկար բողբոջ մը՝ մանիշակագոյն կամ կանաչ երանգով, որուն հիմքին մէջ տեղադրուած են մեծ իգական, ապա երկսեռ, իսկ վերջին՝ մանր արական ծաղիկներ։ Ծաղիկները խողովակաձեւ են, կազմուած՝ 3 պսակաթերթէ, 3 բաժակաթերթէ, սովորաբար 6 առէջներէ, որոնցմէ մէկը թերզարգացած է եւ փոշանօթ չունի։ Սինկարպեան վարսանդի սերմնարանը եռախցիկ է[6], բաղկացած է 3 պտղաթերթիկէ, ծաղիկները դասաւորուած են յարկերով (որոնք յաճախ կ'անուանուին «ձեռքեր»[7]) եւ կը պարունակէ՝ մեծ քանակութեամբ նեքթար (մէկ ծաղիկը՝ մինչեւ 0.5 կ.)։ Իւրաքանչիւր յարկ բաղկացած է 12-20 ճառագայթաձեւ դասաւորուած ծաղիկներէ, եւ ծածկուած՝ հաստ, թելանման տերեւներով։

Մշակուած պանաններու ծաղիկները սպիտակ են, դուրսէն՝ մանիշակագոյն, իսկ ներսէն՝ մութ կարմիր։ Սովորաբար արական սեռի ծաղիկները բացուելով շատ արագ կ'իյնան՝ ծաղկաբոյլին վերին հատուածը ձգելով մերկ, բացառութիւն կը կազմէ գագաթին չբացուած բողբոջը։ Վայրի տեսակներու պարագային, ծաղկումը կը սկսի գիշերը կամ վաղ առաւօտեան, առաջինին պարագային, անոնց փոշոտումը կ'իրականացնեն չղջիկները, իսկ երկրորդինը՝ թռչունները եւ մանր կաթնասունները[7]։

Պանանի վայրի տեսակներէն՝ մեծ սերմերով։

Պտուղները կը զարգանան միայն իգական ծաղիկներէն (երկսեռ|երկսեռ ծաղիկները անպտուղ են)։ Զարգացման չափով պտուղներու շարքը կը յիշեցնէ ձեռքի դաստակը՝ բազմաթիւ մատներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ հաստ կեղեւով, բազմասերմ հատապտուղ[6] մը։

Ըստ տեսակի կամ ձեւի՝ պանաններու չափը, գոյնը եւ ձեւը կրնան յստակ տարբերիլ։ Յաճախ անոնք կ'ըլլան երկարաձիգ գլանաձեւ կամ եռանիստ՝ ուղիղ կամ կոր։ Պտուղին երկայնքը կը տատանի 3-էն 40 սմ.-ի սահմաններուն մէջ, հաստութիւնը` 2-էն 8 սմ.-ի սահմաններու միջեւ[2]: Կեղեւին գոյնը կրնայ ըլլալ դեղին, կանաչ, կարմիր եւ նոյնիսկ արծաթագոյն։ Միջուկը սպիտակ է, մարմնագոյն, դեղին կամ նարնջագոյն։

Տհաս վիճակի մէջ, անիկա պինդ է եւ կպչուն, բայց հասունացման ընթացքին, կը դառնայ փափուկ եւ հիւթալի։

Մշակուած տեսակներուն մէջ, պտուղը յաճախ զուրկ է սերմերէն եւ բոյսը կրնայ բազմանալ միայն սնուցողական միջոցով: Վայրի բոյսերու միջուկը լեցուած է մեծ քանակութեամբ կլորաւուն կամ սուր պինդ, 3 - 16 մմ. երկարութեամբ սերմերով, որոնք իրենց ծաւալով կրնան գերազանցել պտղամիսի ծաւալը։

Մէկ առանցքին վրայ, կրնայ տեղաւորուիլ 300 պտուղ ընդհանուր՝ 50-60 քկ. զանգուածով[8]:

Պանաններուն պտուղները ձեւաւորման ընթացքին ձգողական ուժի ազդեցութեամբ ուղղուած են դէպի վար, սակայն աճման ընթացքին, հորմոններու ազդեցութեամբ մէկ կամ քանի մը առանցքներ կը սկսին աճիլ դէպի վեր[9]: Պտղաբերումէն ետք, բոյսին վերգետնեայ մասը կը մահանայ։

Անցեալին պանանը կ'ուտէին թէ՛թարմ վիճակի մէջ, թէ ալ ալիւրի վերածելով հաց կը թխէին։ Սակայն, այդ օրերուն պանանին տեսքը քիչ մը տարբեր էր։

Կ'օգտագործուի նաեւ գինի պատրաստելու համար։

Պանանը օգտակար պտուղ է բոլոր տարիքի մարդոց համար:

Բացի իբրեւ սնունդ՝ օգտագործելէն անիկա նաեւ՝ կը հանդիսանայ կեր՝ ընտանի անասուններուերու համար։[10]

Պանանի աւելի քան 40 տեսակ տարածուած է Ասիոյ, Ափրիկէի, Ամերիկայի, Ովկիանիոյ եւ Աւստրալիոյ արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային գօտիներուն մէջ, որոնց ժողովուրդին կենսական սնունդն է այս պտուղը, ինչպէս բրինձը՝ դեղին ցեղին պատկանող ժողովուրդներուն համար:

Վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ, պանանին ամէնօրեայ սպառումը զարմանալի կամ արհամարհելի չէ երբեք: Եւրոպացի նշանաւոր բժիշկներ եւ կենսաբաններ, տարրալուծական եւ այլ փորձերէ ետք, բարձր կը գնահատեն պանանին սննդական արժէքը եւ իրենց հրատարակած տեղեկագիրներուն եւ գիրքերուն մէջ կը յայտարարեն, թէ «կենսատու տարրերով պանանը աւելի հարուստ է քան գետնախնձորը եւ նոյնքան կենսատու է՝ որքան իր ծանրութեամբ միսը»:

Սեւ ծովու կովկասեան եւ Ղրիմի ափերուն կը մշակեն իբրեւ գեղազարդիչ բոյս։

Պանանը վաղ ժամանակներէն ի վեր մշակուող պտուղներէն է։ Անոր հայրենիքը կը համարուի Մալայեան արշիպելագը, ուր եւ ինչպէս կ'ենթադրեն գիտնականները հնագոյն մարդիկ աճեցուցած են եւ օգտագործած սնունդի մէջ, իբրեւ ձկան կերակրատեսակներու յաւելում։ Խաղաղական Ովկիանոսին վրայ շրջելու ատեն, զանոնք կը ցանէին եւ այդպէս պանանը տարածում կը գտնէր շրջակայ միջավայրերու մէջ:

Պանանը շատ արագ ճանաչում գտած է նաեւ, բարեխառն կլիմայ ունեցող որոշ եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներուն մէջ, ուր հազուագիւտ միրգ կը համարուէր, քանի որ պանանի մշակման, տեղափոխման եւ պահպանման համար անհրաժեշտ ջերմաստիճանը պէտք չէր գերազանցեր 14°C-ը[10]։ Միայն ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն՝ սառնարաններու ստեղծման եւ երկաթուղիի կառուցման շնորհիւ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի պանանը վաճառել նախ ԱՄՆ-ի, ապա՝ Եւրոպայի մէջ։

Ժամանակին գիտնականներէն առաջինը, որ կը սահմանէ պանանի աշխարհագրական տարածման տոհմածառը, կը դառնայ Պաւիլովեան համալսարանի հիմնադիրներէն, որ1920-1930-ական թուականներուն կ'ուսումնասիրէ աշխարհի տարբեր ծայրամասեր եւ արդիւնքները կը հրապարակէ «Մշակութային Բոյսերու Զարգացման Կեդրոնները» գիրքին մէջ։

Պանանին սննդական արժէքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ արեւելեան բժշկութեան, պանանը

  • կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը,
  • կը մեղմացնէ չոր հազը,
  • կը բարձրացնէ սեռական կարողութիւնը,
  • պարունակած փէքթինին շնորհիւ, կը կարգաւորէ քոլեսթերոլի քանակը արեան մէջ,
  • փոթասիումը կը նպաստէ սիրտի կանոնաւոր աշխատանքին եւ կը կարգաւորէ արեան զարկերակային ճնշումը,
  • ոչ հասուն վիճակի մէջ պնդութիւն կը յառաջացնէ, իսկ հասունը փորհարութեան դէմ բուժիչ ազդեցութիւն ունի,
  • կը կանոնաւորէ քունը, կարեւոր է ոսկորներու աճման եւ անոնց զօրացման համար,
  • հասուն վիճակի մէջ երբ լաւ ծամուի՝ հանդուրժելի է ամէնէն փափուկ ստամոքսներուն անգամ եւ յանձնարարելի բոլորի՛ն, բացի շաքարախտաւորներէն, որոնց կը վնասէ անոր պարունակած շաքարին քանակը,
  • համեմատած միւս պտուղներուն, դանդաղ կը մարսուի: Գիրութեան պարագային, հարկ է սահմանափակել անոր գործածութիւնը,
  • հիանալի կազդուրիչ մըն է տկարակազմերուն, ապաքինողներուն, մտային եւ մկանային շատ աշխատանք կատարողներուն համար,
  • մեծապէս կը նպաստէ ոսկորներու աճման, այդ պատճառով ալ յանձնարարելի է մանուկներուն եւ պատանիներուն,
  • օգտակար է նոյնպէս յօդացաւէ տառապողներուն[11],
  • կը դարմանէ ստամոքսի խանգարումները[12]:

Բնականէն պնդութեան ենթակայ անձերն ալ նախընտրելի է, որ քիչ ուտեն պանան, կամ անոր հետ՝ ուտեն նաեւ ջրոտ այլ պտուղներ, որպէսզի իրենց ստամոքսը մնայ աւելի հանգիստ:

Որպէսզի պանանը ունենայ սնուցիչ իր բոլոր յատկութիւնները՝ պէտք է ըլլայ հասո՛ւն, այսինքն՝ կեղեւին գոյնը ըլլայ դեղին, սրճագոյնի զարնող կէտերով ծածկուած: Երբ պանանը հասունցած է, անոր պարունակած ածխաջրատները կը վերածուին շաքարի:

Սեւ կէտերով ծածկուած հասուն պանանին կեղեւը ունի հզօր հականեխիչ ազդեցութիւն վէրքերու եւ բորբոքած մորթի համար: Երբեք չգնել վնասուած կեղեւով պանան, խուսափելու համար անոր մէջ ոչ ցանկալի մանրէներու առկայութենէ:

Պանանին շատ հարուստ սնանիւթ մը ըլլալը ընդգծելով՝ կարելի չէ ապրիլ միմիայն պանան ուտելով: Սակայն, եթէ պանանով հաց կամ երկու պանան եւ գաւաթ մը կաթ առնէ մէկը իբրեւ ճաշ կամ ընթրիք՝ կրնայ վստահ ըլլալ, որ իր սննդառութիւնը լրիւ եղած է:

Կարմիր պանան՝ Մեքսիքոյի մէջ

Առաջին Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւելի հին տեղեկութիւններ մեզի հասած են հնդկական մշակոյթէն, որ կը կոչուէր Ռիգվիդա (Ригведа, Ք.Ա. 17-11-րդ դարեր)։ Հաւանական է, որ այդ ժամանակաշրջանին, ծովային ճանապարհի շնորհիւ պանանը արդէն հասած էր դէպի Հնդկաստանի աշխարհամաս։ Պանանը հիմնականին մէջ, կ'ուտէին մանկայի եւ կոկռոշի (крыжовник) հետ։ Ան շատ յաճախ կը յիշատակուի նաեւ՝ հին հնդկական աւանդութիւններուն մէջ՝ Մահաբհարաթա եւ Ռամայանա՝ 14-րդ դարի գրագրութիւններուն մէջ։ Կ'ըսուի, որ Արանեա-կանդա թագաւորական ընտանիքի անդամներու հագուստները կարուած էին պանանի ծառի տերեւներէն։ Իսկ արդէն քիչ մը փոքր ուշ՝ պուտօայական կրոնի մասին գիրքերուն մէջ գրուած էր, որ վանականներու համար յատուկ խմիչքը պատրաստուած էր պանանէն։

Բացի հնդկական զրոյցներէն առաջին անգամ պանանի մասին յայտնաբերուեցաւ հին Յունաստանի փիլիսոփայական Թեռֆրատի մէջ, Ք.Ա. 4-րդ դարուն։ Այդ գրութիան մէջ, փիլիսոփան առաջինը փորձած էր նկարագրել պանանի տեսքը, ինչի շնորհիւ անոր կը համարեն բուսաբանութեան հիմնադիրներէն։

Չինաստանէն չինացի գրող Եան Ֆուն (չինարէն՝ 楊阜, Լեան չինական կայսրութեան ժամանակաշրջան (502—557 թուականներուն), իր «Վայրի Բոյսերու Հանրագիտարան» աշխատութեան մէջ առաջինը կո խօսի պանանի զարգացման մասին իր երկրին մէջ։

Հռոմի գրող Պլինի Մեծը «Բնութեան Պատմութիւններ» («Естественной истории») գիրքին մէջ (77 տարի) կը պատմէ Ալեքսանդր Մակետոնացիի արշաւանքի մասին դէպի Հնդկաստան Ք.Ա. 327 թուականին, երբ ան համտես այդ միրգը եւ այսպէս կոչեց ան՝ «Հիանալի Հնդկական Մրգային Ծառ»։

Քանի մը գիտնականներ կ'ենթադրեն, որ պանանը նախ յայտնի էր Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, մինչ եւոպացիներու ի յայտ գալը այստեղ։ Վարկածը կ'ամրապնդուէր անորմով, որոնք գտնուած էին պանանի տերեւներ հնդկական գերեզմանոցներուն մէջ։ Բացի ատորմէ ոմանք կը կարծեն, որ «Եդեմական Միրգ» հասկացողութեան տակ, Ադամի եւ Եւայի ապրած Դրախտին մէջ, կ'աճէր այդպէս պանան միրգը։

650 թուականէն ետք, պանանը Հնդկաստանէն տարուեցաւ դէպի Պաղեստին) եւԱփրիկէ, այս անգամ արաբներու միջոցաւ, ովքեր աշխուժ դեր ունէին ձուկերու եւ փիղի ոսկորներու առեւտրային գործին մէջ։ Արդէն 1402 թուականին, փորթուկալացիները պանանը բերին Գուինեայէն դէպի Կանարեան կղզիներ, ուր եւ ան լայնօրէն տարածուեցաւ, 1516 թաուկանին՝ հասաւ դէպի Հայիթի։

Պանանը կը համարուէր ուտելու բոյս՝ մանկային եւ գոգրային հետ միասին[13]։ Պանանը բազմիցս յիշատակուած է նաեւ հին հնդկական դիցաբանութեան[14][15] և Ռամայանայում[16], որոնք որոշ ենթադրութիւններով ստեղծուած են Ք.Ա. 15-րդ դարուն։ Արանեա-կանդա գիրքին մէջ, կը նկարագրուի արքայական ընտանիքի անդամներու հագուստը, որ հիւսուած էր պանանի տերեւներէն[13]։ Ցեյլոնի մէջ յայտնաբերուած 5-6-րդ դարերուն թուագրուող եւ պալի լեզուով գրուած պուտտայական կանոնիմէջ գրուած է, որ պուտտայական վանականներուն տօն օրերուն թոյլատրուած է խմել պանանէն պատրաստուած ըմպելիք[17]։ Առաջին արտահնդկական գրաւոր աղբիւրը, որուն մէջ կարելի է գտնել յիշատակութիւն պանանի մասին 5-րդ դարուն, ապրող հին յունական փիլիսոփա Թեռֆրաստի «Բոյսերու Պատմութիւն» գիրքը։ Այս աշխատութեան մէջ, Թեոֆրաստն անգամ փորձ կը կատարէ դասակարգել բոյսերը, որուն պատճառով ալ անոր կը համարենբուսաբանութեան հիմնադիրը։

Չինաստանի՝ Լեան չինական հարստութեան ժամանակաշրջանին, ապրող չինացի գրող եւ մարտաւար Յան Ֆուն (չինարէն՝ 楊阜), (502—557 թուականներուն), իր «Վայրի Բոյսերու հանրագիտարան» աշխատութեան մէջ, առաջինը կը խօսի իր երկրին մէջ, պանանի մշակման մասին։ Հռոմի գրող Պլինիոս Աւագը «Բնական պատմութիւն» գիրքին մէջ, (77 թուական) կը պատմէ, որ Հնդկաստան կատարած իր արշաւանքներու ժամանակ Ալեքսանդր Մակեդոնացին (Ք.Ա.327 թուական) կը համտեսէ պանանը, կը կոչէ այն՝ «հիանալի հնդկական մրգային ծառ» եւ նոյնիսկ կը բերէ այն Եւրոպա։

Կարգ մը գիտնականներ կ'ենթադրեն, որ պանանը յայտնի էր նաեւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ մինչեւ եւրոպացիներու յայտնուիլը։ Ենթադրութիւնը կը հիմնաւորուի անորմով, որ պերուական հնդկական դամբարաններուն, յայտնաբերուած են պանանի տերեւներ։ Բացի այդ, կ'ենթադրուի, որ Հին Կտակարանին մէջ նկարագրուած արգիլուած պտուղը եղած է պանանը[18][19]։ Այս ենթադրութիւնը սակայն կը վիճարկուի, որովհետեւ ոչ հին եգիպտացիները, ոչ հրեաները պանանի մասին ոչինչ չեն իմացած։

650-էն ետք, արաբներու շնորհիւ պանանը Հնդկաստանէն բերել կու տան Պաղեստին եւ Ափրիկէի արեւելեան ափեր։ 1402 թուականին, փորթուկալացիները պանանը բերին Կանարեան կղզիներ Գվինեայէն։ Եւրոպացիները ծանօթացան պանանի հետ միայն 1592 թուականին, նկարազարդ գրքի՝ Պրոսպերո Ալպինիի De Plantis Aegypti liber (Venezia, F. de Franceschi di Siena, 1592)։ Վենետիկի մէջ, տպագրուելէն ետք։ 16-րդ դարու կէսերուն Հարաւային Ամերիկայի մէջ, պանանի աշխուժ մշակման մասին գրած է Փեթրօ տէօ Սյեսա Տէօ Լէօնը իր «Պերուի Ժամանակագրութիւն» գիրքին մէջ (1553)[20]։

Քապիթան Դամիրը պանանը կը նկարագրէ այսպէս.

Ոչ շատ մեծ, պիզանգայի երկարութեան կէսին մօտ, բայց շատ քաղցր եւ փափուկ, փոքր-ինչ հիւթալի, նաեւ աւելի նուրբ համի...Պանանը՝ ես կը պնդեմ, բոլոր պտուղներու արքան է, ներառեալ նաեւ կոկոսը... Այն այնքան հիանալի է, որ սպանացիները անոր արտօնութիւնկու տան համեմատուիլ միւս պտուղներու հետ, իբրեւ կեանքին ամենաօգտակարը։ Ան կ'աճի 6-7 մատնաչափ երկարութեամբ, ունի մարդու ձեռքի հաստութիւն։ Կեղեւը փափուկ է եւ կը դեղնի պտուղի հասուննալուն պէս...Պտուղը կոշտ չէ, նման է ձմրան կարագին եւ անոր նման ալ դեղին է։ Պանանը ունի նուրբ համ եւ այն կը հալի բերանին մէջ, մարմելադի նման


1866 թուականին, Նիւ Եորքցի առեւտրական Քառլ Ֆրանկը սկսաւ ԱՄՆ ներմուծել փոքր քանակութեամբ պանան եւ աճեցնել այն Կոլոն քաղաքի մոտակայքին մէջ՝ Պանամայի մէջ։ 1870 թուականին, ամերիկեան ձկնորսական «Տելեգրաֆ » նաւախցի քաբիթան՝ Լորենցօ Բայկերը Պուերտօյէն Ճամայկայի վրայով Նիւ-Ճըրսի բերաւ 160 ողկոյզ պանան, որոնք շատ շահաւետ վաճառուեցան՝ դառնալով պանանի մեծաքանակ առեւտուրի սկիզբը։

1876 թուականին, ԱՄՆ-ի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած Ֆիլատելֆիայի ցուցահանդէսներէն մէկուն մէջ պանանները վաճառուեցան կտորներով՝ 10 ցենտ ամէն մեկուն համար, մինչ այդ ժամանակներուն համար բաւական թանկ էր։ 1885 թուականին, Քաբիթան Բայկերը, գործարար Էնտրյու Պրեսթոնըեւև « Boston Fruit Company» կազմակերպության մյուս ինը հիմնադիրները՝ տարածեցին բանանի առևտուրը Կարիբյան կղզիներում։ 1899, Մարտ 30-ին անոնք ձուլուեցան Մայոր Կէյտի՝ «United Fruit Company» կազմակերպութեան մէջ[21]։

Նոյնիսկ մեր ժամանակներուն, այս միրգի բոլոր տեսակները չէ, որ շահութաբեր են առեւտուրի համար, եւ շատ երկիրներ՝ Չինաստանը, Հնդկաստանը, Թայլընտը եւ Պրազիլը կ'աճեցնեն պանան միայն ներքին սպառման համար կամ ալ կ'արտահանեն չնչին քանակութեամբ[4]։

Պանանի պլանտացիա

Սնունդի համար օգտագործուող պանանները կ'աճին[5] ծովու մակարդակէն՝ 2000 մ. բարձրութեան վրայ։ Բոյսի մշակման համար ամէնէն բարենպաստ պայմաններն են 26-35°C՝ ցերեկը եւ 22-28°C՝ գիշերը[22]։ 16°C-էն ցած ջերմաստիճանի պարագային, բոյսի աճը զգալիօրէն կը դանդաղի, իսկ 10°C-ի պարագային՝ կանգ կ'առնէ։

Ընդամէնը քանի մը ձեւ կայ (օրինակ`«Ռաճապուրի»), որ ընդունակ են դիմանալ շուրջ 0°C ջերմաստիճանի։ Մշակման վայրի՝ ծովու մակարդակէն ունեցած բարձրութիւնը կախեալ է աշխարհագրական լայնութիւնէն. սովորաբար ան կը գերազանցէ 920 մ.-ը, բայց հաուայեան Մաուի կղզիին մէջ, պանանը կ'աճի ծովու մակարդակէն 1000 մ- բարձրութեան վրայ, իսկ Նոր Գվինեայի մէջ՝ ծովու մակարդակէն մինչեւ 2000 մ. բարձրութեան վրայ[2]։ Բոյսին մշակման համար մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ խոնաւութեան որոշակի վարչաձեւը. չոր եղանակը տարուան մէջ պիտի չի տեւէ 3 ամսէն աւելի, իսկ՝ տեղումներու միջին քանակը պիտի կազմէ ոչ աւելի, քան 100 մմ. ամսուան մէջ։ Այսինքն՝ պանան կարելի է աճեցնել բացառապէս արիդեան կլիմայի պայմաններուն մէջ։

Պտուղներու տեղափոխում

Ոչ երկարատեւ ցուրտի պարագային, պանանի պլանտացիաները կը փորձեն պաշտպանել ջուրով ցողելու կամ ծխահարելու միջոցաւ։ Շատ տեսակներ՝ վնասներ կը կրեն ուժեղ քամիներէն. արմատային թոյլ զարգացած համակարգը չի կարողանար բոյսը հաստատուն պահել տեղին մէջ, սակայն բոյսի լայն տերեւները կը թեքուին քամիի ուղղութեամբ, որուն շնորհիւ ան չի տապալիր։ Մեծ քանակուեամբ աճեցնելու համար՝ կը պահանջուի չոր, թթուային հող։ Միներալներով ոչ հարուստ հողին մէջ, բոյսը նորէն լաւ կաճի, բայց այդ դեպքին մէչ՝ բոյսի մշակումը տնտեսապէս շահաւետ չ'ըլլար։ Բոյսի բերքատուութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 400 ց/հա տարեկան[2]։

Բոյսի տնկումէն մինչ պտուղներու հասուննալը սովորաբար կը տեւէ 10—12 ամիս, իսկ որոշ տեսակներու համար՝ 17—19 ամիս։ Տնկարկներու համար կ'ընտրեն արգաւանդ հողեր գետերու եզրերին, ինչպէս նաեւ՝ հարթավայրերուն մէջ ու բլուրներու լանջերուն։ Եթէ հողը չ'ենթարկուի էրոզիայի, ապա բոյսերու տնկումէն առաջ լաւ կը վարին։ Բազմացումը սովորաբար վեգետատիվ է, հազւադէպ՝ սերմերով։ Իբրեւ կանոն՝ տնկումը կը կատարուի անձրեւային սեզոնի առաջ կամ ատոր սկզբը։ Վերջին դէպքին, սերմերը կը ստանան իրենց անհրաժեշտ խոնավութիւնը։ Բոյսերու միջեւ ձգուող տարածութեան չափը կախեալ է շարք մը գործոններէն, օրինակ՝ խիտ տնկուած բոյսերը աւելի լաւ կը դիմանան քամիին, բայց այդ դէպքին մէջ, կ'աւելնայ հիւանդութիւններու տարածման վտանգը։ Ընդհանուր առմամբ՝ մէջ հեքթարին մէջ՝ կը տնկուի 600-4400 բոյս։

Բույսերու աճի ընթացքին, տնկարաններու վնասատուներու դէմ կը գործածուին տարատեսակ միջոցներ, օրինակ՝ հերբիցիդներ, արմատներու ծածկում պանանի չոր տերեպներով եւ նոյնիսկ կ'օգտագործեն սագերուն, որոնք կ'ուտեն որոշ մոլախոտեր՝ չվնասելով պանանները։ Եթէ հողը բաւարար արգաւանդ չէ, ապա աշխուժօրէն կը պարարտացնեն։ Պարարտանիւթի բաղադրութիւնը կախեալ է կոնկրետ դէպքէն. ատոր մէջ կրնայ ըլլալ ազոտ, գալիոմ կամ լուսածնային։

Պտուղներով բեռնուած ճիւղերու տակ պարտադիր կը դրուին բամբուկի յատուկ ձողեր, որ չկոտրուին բերքի ծանրութեան տակ, իսկ պտուղները՝ կը ծածկուին պանանին չոր տերեւներով, կտորով կամ յեւընկալով, որ չվնասուին։ Պտուղը կը հաւաքուի կանաչ վիճակի մէջ, երբ ատոնք կը հասնին 75 %-ով։ Այդ դեպքին մէջ, դրանք ատոնք աւելի հեշտ կը տեղափոխուին ու լաւ կը պահպանուին։ Որպէսզի պանանը չկորսնցնէ իր առարկային ձեւը, զայն կը մշակեն կիտրոի հիւթով կամ կը թրջեն ածխածնային հանքային ջուրին մէջ[23]։ Իբրեւ կանոն, նոյն բոյսը կը մշակուիէ 5—6 տարուան ընթացքին մէջ, որմէ ետք անոր բերքատուութիւնը նկատելիօրէն կը նուազի։ Սովորական պայմաններուն մէջ, պանանը բերք կու տայ 25 եւ աւելի տարիներու ընթացքին[5][7][10]։

Առողջութիւնն Ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան, Պէյրութ 2007

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Bananas of Yunnan and the Himalaya Musaceae»։ Nature Products։ natureproducts.net։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-09-27-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10–ին, 2012 թ․ 
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 «Musa species (banana and plantain)»։ Species Profiles for Pacific Island Agroforestry.։ traditionaltree.org։ 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-28-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբերի 10, 2012-ին 
  3. Roche, Julian The International Banana Trade. — CRC Press, 1998. — P. 7. — 288 p. — ISBN 978-0849305450
  4. 4,0 4,1 «The Origin of Bananas»։ Complete Guide to Bananas։ banana.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-05-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012-ին 
  5. 5,0 5,1 5,2 Morton, Julia F. Fruits of Warm Climates. — Florida Flair Books, 1987. — P. 29–46. — 505 p. — ISBN 978-0961018412
  6. 6,0 6,1 Морщихина С. С. Семейство банановые (Musaceae) // Жизнь растений / под ред. А. Л. Тахтаджяна. — М.: Просвещение, 1982. — Т. 6. Цветковые растения. — С. 383.
  7. 7,0 7,1 7,2 Шипунов, А. Б. (2004)։ «Класс Однодольные. Банан»։ Moscow State University Botanical Server։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-21-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 10–ին 
  8. Կաղապար:Из БСЭԿաղապար:V
  9. «How to Grow Bananas»։ Complete Guide to Bananas։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-05-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012–ին 
  10. 10,0 10,1 10,2 «Bananas and plantains (Musa spp.)»։ Hands with yellow fingers.։ Mildred E. Mathias Botanical Garden։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-23-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012–ին 
  11. Պանանին սննդական արժէքը
  12. Պանանը
  13. 13,0 13,1 Pillay, Michael (Editor); Tenkouano, Abdou (Editor) Banana Breeding: Progress and Challenges. — CRC Press, 2011. — P. 24— 26. — 383 p. — ISBN 1439800170
  14. Buck, William Mahabharata. — Motilal Banarsidass, 2000. — P. 159. — 430 p. — ISBN 8120817192
  15. Uberoi, Meera Mahabharata. — Ratna Sagar, 1996. — P. 422. — 472 p. — ISBN 8170702313
  16. Buck, William Ramayana. — Motilal Banarsidass, 2000. — P. 88. — 432 p. — ISBN 8120817206
  17. Thurlow, Clifford The Amazingly Simple Banana Diet. — Alma House, 1995. — 96 с. — P. 7. — ISBN 1899830006
  18. Gewertz, Ken (2007-11-01)։ «Taxonomist Carl Linnaeus on show at HMNH»։ Гарвардский университет։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-11-01-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012-ին 
  19. «Linnaeus grows bananas and comes up with a "modern" thermometer»։ Uppsala Universitet, Sweden։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-10-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբերի 10, 2012 –ին 
  20. Педро Сьеса де Леон. (2008-07-24)։ «Хроника Перу. Часть Первая.»։ www.kuprienko.info (А. Скромницкий)։ արտագրուած է՝ 2012-11-17 
  21. Леонов Н.С. Очерки новой и новейшей истории стран Центральной Америки. — М.: Мысль, 1975. — С. 165-166.
  22. Meiser, G.Gaelen։ «Musa "Banana"»։ texasriviera.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-07-01-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10,2012–ին 
  23. «Food Lover’s Companion information about banana»։ Barron’s Educational Series, Inc.։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-16-ին։ արտագրուած է՝ Նոյեմբեր 10, 2012–ին 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]