Սաատի
Սաատի (պարսկերէն՝ ابو محمد مُصلِح الدین بن عَبدُ الله سعد شیرازی, 1210[https://www.iranicaonline.org/articles/sadi-sirazi_Encyclopædia_Iranica]
Սաատի (պարսկերէն՝ ابو محمد مُصلِح الدین بن عَبدُ الله سعد شیرازی, 1210[https://www.iranicaonline.org/articles/sadi-sirazi_Encyclopædia_Iranica]
Ծնած է 13-րդ դարուն, Շիրազի մէջ (Պարսկաստան): Իր ուսման ընթացքը աւարտած է 30 տարեկանին: Ուսման համար ճամբորդած է Պաղտատ, որ այն ատեն մտաւորական զարգացման համբաւին գագաթնակէտին հասած էր: Հոն հարուստ ազնուականի մը առատաձեռնութեան շնորհիւ յաջողած է «Նիզամիյյէ» հանրայայտ անձնական վարժարանը մտնել: Պաղտատի ժամանակակից Նիզամիյյէ ճեմարանին ուսուցիչներէն Շեմսէտտինին ձօնած է իր բանաստեղծութիւններէն քանի մը հատը, որոնցմէ այնքան շատ գոհ մնացած ուսուցիչը, որ Սաատիին ամսաթոշակ յատկացուցած է իր քսակէն:
Սաատի շատ աստուածավախ եւ բարեպաշտ եղած է։ Իր գործերը իմաստալից բարոյական խրատներով լեցուն են: Ճամբորդած է Թուրքիա եւ Սուրիա, իր ճամբորդութեան միջոցին ունեցած տպաւորութիւնները գրած է իր գիրքերուն մէջ:
Ան 22 գիրք գրած է պարսկերէն լեզուով, նաեւ գրած է Արաբերէնով (ոտանաւորներ), երբեմն Պարսկերէնին հետ խառնելով, երբեմն ալ զուտ Արաբերէն: Սաատիին հռչակաւոր գործերն են`
Քնարական բանաստեղծութեանց մէջ, Սաատին փայլած է իր հանճարի ողջ հմայքով, կատարելութեան հասցուցած է Ղազալը (Պարսկերէն՝ غزل, սիրային ոտանաւորներ)։ Անոնց թիւը 184 է, ունին սիրային երբեմն նաեւ բարոյախրատական եւ իմաստասիրական (փիլիսոփայական) բնոյթ։
Իր բանաստեղծութիւնները օտար լեզուներու թարգմանուած են[11]:
Սաատիի երկերու լիակատար ժողովածոյի՝ Քոլլիյյաթ (Պարսկերէն՝ كلّيات) քննական բնագիրը ՌՋԽԹ (1949) թուականին լոյս տեսած է Թէհրանի մէջ։ Անուանի գրականագէտ Մոհամմատ Ալի Ֆորուղիի աշխատասիրութեամբ։[8]