Ամենայն հաւանականութեամբ[աղբիւրի կարիք ունի] Սայաթ Նովայի նախնիները Թիֆլիս եկած են Կիլիկեան Հայաստանէն։ Սայաթ Նովայի ընտանիքը Թիֆլիսի քաղաքային արհեստաւորներու ընտանիք էր։ Սայաթ Նովայի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնն անցած է Թիֆլիսի մէջ։ Սորված է գրել-կարդալ հայերէն, վրացերէն, գիտցեր է նաեւ արաբերէն այբուբենը։
12 տարեկանէն զայն տուեր են արհեստի, սորվեր է ջուլհակութիւն եւ կարճ ժամանակի մէջ այնքան հմտացեր է, որ կտաւը շինելու եւ գործելու նոր դազկահ պատրաստեր է։
Երգն ու երաժշտութիւնը զինք հմայեր են դեռ մանուկ հասակէն։ Մինչեւ երեսուն տարեկան՝ Սայաթ Նովա կատարելագործուեր է աշուղական արուեստի մեջ, սորվեր է եղանակներ եւ պարզ ու խառն չափեր, յօրիներ է խաղեր՝ յարմարցնելով յատուկ մեղեդիներ եւ ատոնք կատարեր է ժողովրդական հաւաքոյթներու ատեն։
1759 թուականի կէսերուն աւարտուեր է Սայաթ Նովայի՝ իբրեւ բանաստեղծի ու երգահան-երաժիշտի կեանքը։ 1759 թուականին Հերակլ II-ի հարկադրանքով ան քահանայ ձեռնադրուեր է Տէր Ստեփանոս անունով եւ շատ չանցած ղրկուեր է Կասպից ծովու հարաւային ափին գտնուող Էնզելի նաւահանգիստը։ Հոս «ապաշխարեր» եւ արտագրեր է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը։ Ստոյգ յայտնի չէ, թէ երբ վերադարձեր է հայրենիք։ 1766 թուականին ապրեր է Զաքաթալայէն Շամախի տանող առեւտրական ճանապարհի վրայ ինկած Կախի փոքրիկ աւանի մէջ, ուր արտագրեր է մէկ ուրիշ ձեռագիր՝ Աստուածաշունչի հատուածներէ բաղկացած ժողովածոյ մը։ 1768 թուականին մահացեր է կինը՝ Մարմարը, թողելով չորս անչափահաս զաւակ։ Յաջորդ տարուընէ Սայաթ Նովա՝ Տէր Ստեփանոս փոխադրուեր է վանք, ծառայեր է Թիֆլիսի մէջ հաստատուած Հաղպատի միաբանութեան առաջնորդարանի մէջ, իսկ 1778 թուականին, երբ վերաշինուեր է Հաղպատի վանքը, կարգուեր է Սուրբ Նշան վանքի լուսարար։ Հետագային միաբանութեան հետ նորէն վերադարձեր է Թիֆլիս։ 1795 թուականի Սեպտեմբերին, Աղա-Մահմետ Խան Ղազարի արշաւանքի օրերուն, զոհուեր է եւ թաղուած է Սուրբ Գեւորգ եկեղեցւոյ բակը։
Սայաթ Նովայի ուսումնասիրութեան գործերուն մէջ մեծ դեր խաղցած է Անդրկովկասի հայ աշուղներու եւ ուշ միջնադարի հայ տաղերգուներու ստեղծագործութիւնները։ Աւանդական սովորութիւնով՝ ստեղծագործական առաջին քայլերն ան սկսած է թրքերէն լեզուով, յետոյ աստիճանաբար անցած է հայերէնի ու վրացերէնի։ Գիտակցելով աշուղ-բանաստեղծի բուն դերը ու կոչումը եւ հասկնալով որ գեղեցիկին ու կատարելութեան իտէալներն ու դաշնութեան պատգամները՝ Սայաթ Նովա վերարծարծած ու քարոզած է ամբողջ հայ ժողովուրդին համար, առանց ազգային ու դասային խտրութեան ու զանազանութեան։
Սայաթ Նովայէն մեզի հասած է աւելի քան 230 խաղ, որոնք ամփոփուած են քանի մը բաժիններու. իր սեփական ձեռքով գրուած եւ իր զաւակին՝ Օհանին կազմած ու արտագրած խաղերը եւ միւս բաժինը կազմուած է զանազան ժողովածուներէ կամ մնացած է ժողովուրդին յիշողութեան մէջ: Աստիճանաբար գրի առնուած ու հրատարակուած են։
Իբրեւ սիրերգու (սիրային երգեր գրող)՝ Սայաթ Նովա գեղեցիկի ու կատարեալի երկրպագու է եւ նուրբ զգացումներու արտայայտիչ: Անոր սիրային երգերը յատուկ են եւ նաեւ ունին խորը զգացումներ, որոնց պատճառը ոչ միայն բանաստեղծին ողբերգական սէրն է, այլ նաեւ կեանքի ու իրականութեան անլուծելի հակասութիւնները, անհաւասարութիւնը եւ գեղեցիկի ոտնահարումը։ Սայաթ Նովա շատ կարեւարութիւն տուած է մարդու բարոյական, կատարելութեան ու գեղեցկութեան հարցերուն, դարու եւ ժամանակի այլանդակութեան եւ մարդկային աղարտման պատճառներուն, որոնք, ի վերջոյ մնացած են անբացատրելի: