Սէյնթ Քիթս եւ Նեւիս
Սէյնթ Քիթսի եւ Նեւիսի Դաշնութիւն (անգլերէն՝ Federation of Saint Kitts and Nevis), Քարիպեան ծովուն համանուն կղզիներու պետութիւն մըն է: Բրիտանական համագործակցութեան անդամ է։ Կղզիներն ունԻն հրաբխային ծագում եւ լեռնային մակերեւոյթ։ Ամենաբարձր կԷտն ունԻ 1155 մեթր բարձրութիւն։ Սէյնթ Քիթս եւ Նեւիսը արեւմտեան կիսագունդին ամենափոքր երկիրն է իր բնակչութեան թուաքանակով եւ տարածքի մեծութեամբ։
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կղզիները յայտնագործած է Քրիստափոր գոլոմպոսը 1493 թուականին։ 1628 թուականին անգլիացիները գաղութացուցած են Նեւիսը, 1783 թուականից՝ Սէյնթ Քիթս կղզիները։ 1882 թուականին Սէյնթ Քիթս, Նեւիս եւ Անթիլեան կղզիները կազմած են դաշնութիւն մը, որը 1983 թուականի Սեպտեմբերին ստացած է անկախութիւն։
Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կղզիներու բնակիչները եւրոպացիներու եւ ափրիկեան ստրուկներու սերունդներն են։
Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տնտեսութեան հիմքը գիւղատնտեսութիւնն է։ Կը մշակեն շաքարեղէգ, բամպակենի, կոկոսեան արմաւենի։ Կան նաեւ գիւղատնտեսական հումքի վերամշակման ձեռնարկութիւններ։ Կը զբաղին նաեւ ձկնորսութեամբ։
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Հայկական հանրագիտարան Archived 2017-09-27 at the Wayback Machine.
![]() |
Ուիքիպահեստ նախագիծի Սէյնթ Քիթս եւ Նեւիս ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |