Սթոքհոլմ
Appearance
Սթոքհոլմ[5](շուէտ.՝ Stockholm) Շուէտի մայրաքաղաքը, Շուէտի եւ Սկանտինաւիոյ մեծագոյն քաղաքն է։ Բնակչութիւնը՝ 984 748 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2022)
13-րդ դարուն անիկա համարուած է երկրի կարեւորագոյն առեւտրական կեդրոնը։ Քաղաքի պատմական տուեալները շատ կարեւոր եղած են երկրի համար։ Քաղաքը կառուցուած է տասնըչորս առանձին, իրար հետ կապ չունեցող կղզիներուն մէջ, ուր հնարաւոր էր փակել նաւերուն մուտքը դէպի Մելարէն լիճ։ Անուան առաջին մասը՝ «սթոք» կը նշանակէ գերան, իսկ երկրորդը՝ «հոլմ»՝ փոքր կղզի։