Ֆելիքս Վալոթոնը ծնաւ 28 Դեկտեմբեր, 1865 թուականին, Լոզան, Զուիցերիա, միջին դասակարգէն բողոքական ընտանիքի մը մէջ։ 1882-ին մտաւ Փարիզի Ժուլիան Աքատեմիան, պոստ-իմպրեսիոնիստ արտիստներէ յաճախած արուեստարանները։ Տասը տարուայ մէջ, երիտասարդ զուիցերիացին կը յաջողի յայտնի դառնալ Փարիզի յառաջապահ արուեստագէտներու միջավայրին մէջ։ Իր հռչակը միջազգային կը դառնայ իր փորանկարներուն ու գծագրութիւններուն շնորհիւ։ Բազմաթիւ ցուցահանդէսներու կը մասնակցի։
1891-էն սկսեալ, բոլորովին կը նորոգէ փորանկարչութեան աւանդութիւնը։ Իր գործը կը սկսի շատ աւելի ցցւիլ։ Իր գծագրութիւնները շատ արժէքաւոր կը դառնան, ու կը սկսին օրաթերթներու ու պարբերաթերթներու մէջ տպուիլ։ 1899-ին կ'ամուսնանայ Կապրիէլ Պերնհայմին հետ։
1900-էն վերջ հետզհետէ կը ձգէ փորանկարչութիւնը, ինքզինքը աւելի նկարչութեան նուիրելու։ Կը նկարէ ընտանեկան պատկերներ, ու կը հետաքրքրուի դասական նիւթերով, տեսանկարներ, մերկ մարմիններ, կենդանագիրներ եւ նաթիւր-մորդներ, որ կը նկարագրէ անձնական ձեւով, իր ժամանակակից արուեստական հոսանքներէն դուրս։
1902-ին, Մարտին, կը ստեղծէ «Լասիէթ ո պըղ» (ֆրանսերէն՝ L'Assiette au Beurre) պարբերաթերթին ամենայ ինքնատիպ հրատարակութիւններէն մեկը, որ կը պարունակէ 23 քակուող փորանկարներ։
Իր առաջին անձնական ցուցադրութիւնը տեղի կ'ունենայ 1909-ին, Զիւրիխ։ Իր գործը յաճախ կը ցցւի Փարիզ, մանաւանդ 1910, Յունուարին, Տրիւէ ցոյցասրահը։ Նաեւ կը մասնակցի միջազգային ցուցադրումներու, Եւրոպա կամ ալ Ամերիկա։ Իր եղբայրը, Փոլ Վալոթոնը, կ'օգնէ իր աշխատանքը Զուիցերիա տարածելու։
Ֆելիքս Վալոթոնը աշխատասէր մէկն է, որ միշտ նոր ներշնչող նիւթեր կը փնտռէ, ու արտայայտուելու նոր ձեւեր։ Կը ներշնչուի Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին վայրագութիւնով, ու պատերազմին վերջաւորութեան նոր յաջողութեան ժամանակաշրջան մը կ'ապրի։ Կը մահանայ 1925-in, ու կը թաղուի Փարիզի Մոնփարնաս գերեզմանատունը։